Իսրայէլեան օդուժը յաջորդական 3րդ օրը ըլլալով՝ շարունակեց Լիբանանի զանազան շրջաններու վրայ իր յարձակումները, մինչ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտէն կը տեղեկացնեն, թէ հաւանական ցամաքային յարձակումի մը նախապատրաստութիւնները կը կատարուին։
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ միայն Չորեքշաբթի օրուան իսրայէլեան ռմբակոծումները առնուազն 51 զոհեր խլեցին, դարձեալ մեծամասնութեամբ քաղաքայիններ։
Նախորդ օրերուն, առաւել քան 600 զոհեր արձանագրուած էին Լիբանանի տարածքին։ Նաեւ, մօտաւորապէս 100,000 քաղաքայիններ հարաւային Լիբանանէն հեռանալով՝ գաղթական դարձած են։
«Պէտք չէ արտօնենք, որ Լիբանան Իսրայէլի ձեռքով մէկ այլ Կազայի վերածուի», «Սի.Էն.Էն.»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան: Ան զգուշացուց, որ ներկայ դէպքերը «կրնան վատթարանալով՝ վերածուիլ շրջանային տագնապի, որ կրնայ աշխարհի ապագային համար վտանգ ներկայացնել»:
Ան նշեց, որ «Հըզպալլա»ն չի կրնար առանձին կանգնիլ «Արեւմուտքին աջակցութիւնը վայելող եւ անոր կողմէ զինուող պետութեան մը դէմ», «Սի.Էն.Էն.»ին յայտնեց Փեզեշքեան:
«Եթէ Միջին Արեւելքի մէջ մեծ պատերազմ ծագի, աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ ոչ ոք անկէ պիտի օգտուի: Իսրայէլն է, որ կը ջանայ այդ լայնածաւալ տագնապը ստեղծել», Նիւ Եորքի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած այլ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Փեզեշքեան:
Ան ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր ելոյթին ընթացքին Իսրայէլը ամբաստանեց Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով։