Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա արձագանգեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ 9 Նոյեմբերի փաստաթուղթի 9րդ կէտին վերաբերող յայտարարութեան, որուն մէջ Փաշինեան չէր ըսած, թէ Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան երթուղիի ապահովութեան պիտի հսկէ երրորդ երկիր մը, այլ ըսաւ, որ այդպիսի ընկալում իրականութեան հետ կապ չունի: Զախարովա պնդեց, որ Մոսկուա կը նկատէ, թէ այդ փաստաթուղթը եւ անոր դրոյթները ձեռնավարութեան (manipulation-ի) ենթարկելու բազմաթիւ փորձեր կան։
Ան դիտել տուաւ, որ պատասխանատու քաղաքական գործիչները պէտք չէ անպատասխանտու վերաբերում ցուցաբերեն պատմական բարդ գործընթացներու իբրեւ արդիւնք մշակուած փաստաթուղթերուն նկատմամբ։
«Այսպէս ասած, մէյ մը կը խաղանք, մէյ մը չենք խաղար: Ամէն պարագայի, խօսքը միջազգային իրաւունքի, կողմերու ստորագրած փաստաթուղթերուն մասին է… Կարելի չէ այսքան անպատասխանատու վերաբերում ցուցաբերել ստորագրուած փաստաթուղթերու մէջբերման նկատմամբ», յայտնեց Զախարովա, որ աւելցուց, թէ պէտք է յարգել ջանքերը անոնց, որոնք ամէն ինչ ըրած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար:
Ան նաեւ մեկնաբանեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութիւնը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է մտածեն Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններուն ռուս սահմանապահներու ներկայութեան նպատակայարմարութեան մասին՝ ըսելով. «Երբ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը տակաւին ամբողջութեամբ չէ կարգաւորուած, ռուս սահմանապահները դուրս բերելը Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններէն, անտեղի է Հայաստանի ապահովութեան համար: Կայ այնպիսի տպաւորութիւն, որ Ալէն Ռոբերտովիչը այնքան ալ ուշադիր չէ հետեւած Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսին: 1992ին, Հայաստանի մէջ ռուս սահմանապահներու ներկայութիւնը կարգաւորող հիմնական փաստաթուղթը հանրապետութեան մէջ ռուսական սահմանապահ զօրքերու կարգավիճակին վերաբերող անժամկէտ պայմանագիր է: Ռուս սահմանապահները բազմիցս ապացուցած են իրենց ներկայութեան կարեւորութիւնը»:
Զախարովա ընդգծեց, որ այս ոլորտներուն մէջ եղած է բեղմնաւոր, լայնածաւալ փոխգործակցութիւն, ինչ որ, ըստ անոր, «կարծես ջղայնութիւն կը պատճառէ Երեւանի որոշ քաղաքական գործիչներու»:
«Ըստ մեզի՝ եթէ կը մտածենք Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն ռուս սահմանապահներու ներկայութեան նպատակայարմարութեան մասին, պէտք է նկատի առնել, թէ անոնց բացակայութիւնը ի՛նչպէս պիտի ազդէ երկրի ապահովութեան վրայ` տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի ամբողջական կարգաւորման բացակայութեան պայմաններուն մէջ», ըսաւ Զախարովա։
Ան զգուշացուց, որ դրացիներուն հետ անկայուն յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ պէտք է մտածել ապահովութեան մասին: «Մարդիկ, որոնք մասնագէտ չեն, փափուկ բազմոցին նստած ազատօրէն կ՛արտայայտուին այս թեմային մասին, երեւի աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ խօսքը տալ անոնց, որոնք իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն», նշեց Զախարովա։