

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Գրական միաւորին եւ «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 22 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Անկրկնելի Հալէպը» գիրքին ներկայացումը, Փասատինայի «Ճիվելեկեան» կեդրոնին մէջ: Ներկայ էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան եւ ստուար թիւով նախկին հալէպահայեր եւ գրասէրներ:
Երեկոյին բացումը կատարեց Գրական միաւորի ատենապետուհի Սոնա Մատարեան, որ ծանօթացուց Հալէպի երբեմնի «Կիլիկիա» գրատան եւ հրատարակչատան հիմնադիր եւ սեփականատէր Մաթիկ Էպլիղաթեանը, որ Հալէպի մէջ ծայր առած պատերազմին պատճառով, 2012ին ակամայ հեռացած էր իր սիրելի եւ պաշտելի ծննդավայրէն եւ ընտանեօք հաստատուած՝ Զուիցերիա:
«Անկրկնելի Հալէպը» ներկայացուց Ծովինար Ղազարեան Մելքոնեան՝ անդրադառնալով գիրքին մէջ տիրող կարօտաբաղձութեան մթնոլորտին, որուն անմիջական արգասիքն էր երկնուած հատորը: 25 գլուխներէ բաղկացած, հալէպահայութեան կեանքին յետ Եղեռն ազգային, մշակութային կազմակերպական կեանքին ծալքերը իւրայատուկ պատումներու ընդմէջէն ներկայացնող հեղինակը, իր հոգիին եւ մտքին պրիսմակին ընդմէջէն անցեալը վերակենդանացուցած էր, Հալէպի հարազատ միջավայրը այնպէս պատկերելով, որ իրօք Ծառուկեանի «Երազային Հալէպը» կը վերակենդանանար իր հայաշատ թաղամասերով, յարակից ակումբներով, գաղութային շէնշող կեանքով: Ան դիպուկ մէջբերումներով համեմած էր իր գրութիւնները, գրիչը սեւեռելով հայապահպանման կռուան հանդիսացող Հալէպ քաղաքին, որ միաժամանակ շատերու վկայութեամբ կը համարուէր արեւմտահայերէնի պահպանման ամրոց մը (խօսքը ամբողջութեամբ տեսնել «Ասպարէզ»ի կայքէջին վրայ):


Գիրքէն հատուածներ ընթերցեցին Գրական միաւորի անդամ ընկերուհիներ Վանիա Պապիկեան եւ Մարալ Վարժապետեան եւ «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղէն Նայիրի Հարպոյեան Մոմճեան:
Խօսք առաւ հեղինակը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Համազգայինին, կազմակերպիչներուն եւ յուզախառն ոճով արտասանեց տպաւորիչ խօսք մը: Ապա, ան սահիկներու միջոցով ներկայացուց հին եւ նոր Հալէպէն պատկերներ, ուր պատերազմին պատճառով աւերուած քաղաքին համայնապատկերը կը պարզուէր:
Խօսք առաւ նաեւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան, որ գնահատեց հեղինակը, ձեռնարկը կազմակերպողները ու յայտագիրին մասնակցողները:
Կազմակերպողներէն Նայիրի Մոմճեան յայտարարեց, որ ներկաները կրնան գիրքէն օրինակներ ունենալ, եւ թէ հեղինակը պատրաստ էր զանոնք մակագրելու. հասոյթը պիտի նուիրուէր Համազգայինին եւ Հալէպին:
Աւարտին, ներկաները երկար յամեցան սրահին մէջ, մտերմօրէն զրուցելով հեղինակին հետ:
(Թղթակցութիւնը՝ Համազգայինէն)