Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական լիկայի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը։ Շուրջ 13 տարիներու ընդհատումէն ետք, Թուրքիա առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած էր հաւաքին։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Գահիրէի մէջ կոչ ուղղեց, որ արաբական եւ իսլամական աշխարհը միասնական ըլլայ։ Ան համոզուած է, թէ այսօր Կազայի մէջ արիւն կը հոսի, որովհետեւ Իսրայէլի նախորդ յարձակումները մնացած են անպատիժ։
«Այս անգամ տարբեր պէտք է ըլլայ։ Պատասխանատուները հաշիւ պէտք է տան միջազգային դատարաններու մէջ։ Ամէն ինչ պէտք է բացայայտուի։ Անոնք, որոնք կը շարունակեն խրախուսել Նեթանիահուն մեղսակից կը դառնան ցեղասպանութեան։ Թուրքիա Իսրայէլի հետ առեւտուրի պիտի չվերսկսի, եթէ մարդասիրական օժանդակութիւնները անարգել չհասանին Կազա», ըսաւ Ֆիտան։
Ան յիշեցուց, որ յաջորդ ամիս Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ թուրք-արաբական տնտեսական համախմբումը։
Ֆիտան Գահիրէի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ, ներառեալ՝ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի հետ։