Կառավարութիւնը 5 Սեպտեմբերին պիտի հաստատէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնաժողովներու միացեալ գործունէութեան կանոնակարգը, որմէ ետք փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի Սահմանադրական դատարան: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեան:
Պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցումին, որ արդեօք Ատրպէյճան սկսա՞ծ է կանոնակարգի հաստատման գործընթացին, եւ որ ի՞նչ տեղեկութիւն ունի այս մասին՝ Մինասեան ըսաւ. «Ճիշդ կը լինի, որ այս մասով սահմանափակուենք այն յայտարարութիւններով, որոնք ունենք: Կայ կանոնակարգ, որը առաջիկայ Հինգշաբթի օրը որպէս միջազգային պայմանագրի նախագիծ հաստատուելու է կառավարութեան կողմից եւ ուղարկուելու է Սահմանադրական դատարան: Կարծում եմ` կոնսեսուսային (համախոհութեան) եւ որակեալ փաստաթուղթ է եւ ԵԱՀԿի ուղեցոյցին համապատասխան»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 2 Սեպտեմբերին հրապարակեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնաժողովներու միացեալ գործունէութեան կանոնակարգը, զոր նախորդ օրերուն Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնեցուցին եւ ստորագրեցին: Կանոնակարգի նախագիծը ներառուած է Հայաստանի կառավարութեան 5 Սեպտեմբերի նիստի օրակարգին վրայ: Անոր մէջ կը նշուի, որ յանձնաժողովները կը հիմնուին 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին վրայ` իբրեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացի հիմնարար սկզբունք: