4 Սեպտեմբերին, Վլատիւոստոքի մէջ, Արեւելեան տնտեսական համաժողովի ծիրին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ըսաւ, որ Ռուսիա կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի եւ ամբողջ տարածաշրջանի ապագայ ապահովութեան շահերէն մեկնելով` ՀԱՊԿի մէջ Հայաստանի հետ իրենց գործընկերութիւնը ամբողջութեամբ պիտի վերսկսի։
Ըստ Զախարովայի՝ «Երեւան իրաւապէս կը շարունակէ դաշինքի լիիրաւ անդամ մնալ` պահպանելով բոլոր համապատասխան իրաւունքները եւ պարտականութիւնները»:
«Սակայն, այժմ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը այդ համագործակցութենէն հեռանալու քաղաքականութիւն որդեգրած է: Այդ մէկը, մեր կարծիքով, կը հակասէ հայ ժողովուրդի շահերուն», պնդեց Զախարովա: