Թուրքիոյ իշխանութիւնները ՊՐԻՔՍին միանալու դիմում ներկայացուցած են, կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»ը` վկայակոչելով իր աղբիւրները: Ըստ լրատուամիջոցին փոխանցած տեղեկութիւններուն` Անգարա կազմակերպութեան անդամակցելու դիմումը ներկայացուցած է քանի մը ամիս առաջ:
Ամերիկեան թերթը կը նշէ, որ ՊՐԻՔՍի նկատմամբ Թուրքիոյ հետաքրքրութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցին մէջ յառաջընթացի բացակայութեամբ, ՆԱԹՕի դաշնակիցներու հետ տարակարծութիւններով:
Ըստ «Պլումպըրկ»ի տուեալներուն` կազմակերպութեան ընդարձակման հարցը կ՛ակնկալուի քննարկել ՊՐԻՔՍի յառաջիկայ վեհաժողովին, որ նախատեսուած է Քազանի մէջ, Հոկտեմբերին:
Նշենք, որ անցեալ ամիս կազմակերպութեան միանալու պաշտօնական դիմում ներկայացուցած էր նաեւ Ատրպէյճան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները կ՛աջակցին Ատրպէյճանի` ՊՐԻՔՍին համարկուելու հարցին մէջ:
Ըստ Ռիապքովի՝ Պաքուի անդամակցութեան հեռանկարը պիտի ուրուագծուի Քազանի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին ընթացքին:
«Մենք կ՛ողջունենք մեր ատրպէյճանցի գործընկերներուն դիմումը: Ատրպէյճանի դիմումը ընդունուած է Ռուսիոյ նախագահութեան կողմէ, եւ մենք զայն պիտի քննարկենք ՊՐԻՔՍի բոլոր մասնակից անդամ երկիրներուն հետ: Անշուշտ, մենք կ՛աջակցինք Ատրպէյճանի դիմումին. անոր մէջ ոչ մէկ կասկած կայ», ըսաւ Ռիապքով: