ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Մայքըլ Հայտըն անցեալ շաբթուան ընթացքին գործակալութեան պաշտօնեաներուն յայտնեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»ը ոչնչացուցած է ահաբեկչական խմբաւորումի մը երկու բարձրաստիճան կասկածելիներու հարցաքննութեան տեսարերիզները, որովհետեւ անոնք «ապահովական վտանգ կը ներկայացնէին»։
Հայտընի այս բացայայտումը բնականաբար աղմուկ բարձրացուց Քոնկրէսին մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի գաղտնի սպասարկութեանց յանձնախումբը անմիջապէս խոստացաւ մանրամասն հետաքննութիւն մը բանալ այս հարցով։ Մարդկային իրաւանց առաջնակարգ կազմակերպութիւն մը այդ առնչութեամբ ահազանգ հնչեցուց։
Հայտըն իր յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»ի վերահսկիչ մարմինը 2003ին դիտած է տեսաերիզները եւ հաստատած, թէ հարցաքննութիւններու կերպը օրինական էր։ Հայտըն յայտնեց, որ երիզները ոչնչացուած են 2002 թուականին տեղի ունեցած հարցաքննութիւններէն երեք տարի ետք։
Ծերակոյտի գաղտնի սպասարկութեանց յանձնախումբի ատենապետ Ճէյ Ռաքըֆելըր (դեմոկրատ) յայտնեց, որ օրէնսդիրները երիզներուն գոյութեան եւ զանոնք ոչնչացնելու մտադրութեան մասին տեղեակ պահուած են, սակայն ոչ՝ երբ անոնց ոչնչացումը իրապէս տեղի ունեցած էր։
Մարդկային իրաւանց պաշտպան Մարդկային իրաւանց դէտ միջազգային կազմակերպութեան աւագ խորհրդատու Ճենըֆըր Տասքալ յայտնեց, որ երիզները ոչնչացնելը ապօրինի արարք մըն է։