ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կան ընկերային կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնց քննարկումը եւ վերլուծումը կը նպաստէ մարդկային խաղաղ կեանքի աճման եւ նորանոր յարաբերութիւններու մշակման: Ամէն մարդ մարդոց հետ չի՛ կրնար խաղաղ ապրիլ:
Ներկայ աշխարհի ամէնէն դժբախտ երեւոյթներէն մէկը, օրինակ, ամուսնալուծումն է, որուն հիմնական պատճառը իրարու հետ խաղաղ չկարենալ ապրելու դժբախտութիւնն է: Այս պարագային, կողմերէն մէկուն տգիտութիւնը կամ ինքնամոլութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ, որ ան իր սիրածը անարգէ, եւ իր ինքնասիրութեան առիթ տալով՝ քանդէ սիրոյ միջավայրը:
Ժամանակի կորուստը ամէնէն մեծ դժբախտութիւններէն է այս կեանքին մէջ: Անոնք, որոնք իրենց ժամանակը անիմաստ գործերով կը վատնեն կ՛արժեզրկեն կեանքը, որ աստուածապարգեւ մեծագոյն նուէրներէն մէկն է: Ինչո՞ւ պիտի մտահոգուիս, թէ որո՞նք քեզ չեն պաշտպաներ այս կամ այն հարցին մէջ. ո՞վ զանոնք նշանակեր է իբրեւ քու պաշտպանները. մասնաւոր վճարո՞ւմ կը կատարես անոնց, որպէսզի քեզի պաշտպանեն կեանքի զանազան հարցերուն մէջ: Տկարութիւն եւ ինքնասիրութիւն կարելի է համարել վերոյիշեալ դրութիւնը: Մարդ որքա՜ն տկար բնաւորութիւն պիտի ունենայ, որ իր շրջապատին մէջ գտնուող բոլոր անձերէն պաշտպանութիւն խնդրէ:
Աստուած իւրաքանչիւր մարդու տուած է ինքնապաշտպանութեան կարողութիւն: Նայեցէք բնութեան եւ կենդանական աշխարհին: Իւրաքանչիւր կենդանի, որքան ալ մարմինով տկար ըլլայ, ինքնապաշտպանութեան կարողութիւն կամ ձեւ մը ունի, որ վստահաբար աստուածատուր ոյժ մըն է, իր կեանքը փրկելու համար: Ճիշդ է, սոյն կարողութիւնը կրնայ սահմանափակ ժամանակ ունենալ եւ դժբախտութեամբ աւարտիլ, սակայն այդ չի՛ նշանակեր, թէ կենդանին զրկուած է այդպիսի կարողութենէ մը: Ուրեմն, իւրաքանչիւր անձ եւս այս կեանքին մէջ օժտուած է ինքնապաշտպանութեան յատուկ կարողութեամբ:
Այս կեանքին մէջ ժամանակի կորուստներէն մէկն է ժամանակ յատկացնելը, թէ ուրիշները ի՞նչ կը մտածեն մեր մասին: Ահաւասիկ կեանքի անիմաստ մտահոգութիւններէն մէկը: Ինչո՞ւ ժամանակ յատկացնել այս անպէտք գործին: Ո՛վ ալ ըլլայ այդ անձը, ծանօթ թէ անծանօթ, ի՞նչ կ՛ուզէ կրնայ մտածել իմ, քու, եւ ուրիշներու մասին. անիկա իր ազատութիւններէն մէկն է: Այդպիսի գործերու ինքնամուխ եղող անձը, իր ստանձնած գործին, եւ գլխաւորաբար իր կեանքին անիմաստ ըլլալը ցոյց կու տայ, ժամավաճառ դարձնելով իր օրերը: Թող որ ան իր ուզածը մտածէ քու մասին, երբ անիմաստ գործերու տրամադրելու այսքա՜ն ազատ ժամանակ ունի իր կեանքին ընթացքին:
Ոմանք իրենց առօրեան կը վատնեն, միակողմանի յարաբերութիւն մշակելով շրջապատին մէջ գտնուողներուն հետ: Ասիկա եւս կեանքի ինքնակործանման առաջնորդող սեփական մօտեցում մըն է: Ծնողներու կողմէ կատարուած երբեմն թերի դաստիարակութիւնը, զաւակներուն՝ անփորձ ուսուցիչներու դաստիարակութեան յանձնուած ըլլալը, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն ձախող կեանքը ընդօրինակելու փորձութիւնը ոմանց կը հասցնեն վերոնշեալ դժբախտութեան:
Ուրիշներու կեանքին նուիրած ժամանակդ, անոնց հետ յարաբերութիւն մշակելու սեփական ցանկութիւնդ երբ միակողմանի է՝ անիկա միայն ժամանակի կորուստ է. մինչդեռ երբ սէրը, համագործակցութիւնը եւ նոյնիսկ փոխադարձ յարգանքը գոյութիւն ունենան մարդոց միջեւ, ժամանակը կը հարստանայ ո՛չ միայն սիրով, այլեւ արժէքաւոր կեանքի բարի արդիւնքներով:
Ուրիշները օգտագործելու եւ իրենց առօրեայ դժուարութիւններէն դուրս գալու համար, ոմանք մտերմաբար կը դիմեն իրենց շրջապատին մէջ եղող անձերուն: Միամտութիւնը, մարդոց նկատմամբ ունեցած յարգանքը, նոյնիսկ ուրիշներուն օգտակար հանդիսանալու մարդկային մօտեցումը պատճառ կը հանդիսանան, որ ոմանք օգտագործուին ուրիշներէ: Համեստութիւնը, յարգանքը, մարդասիրութիւնը եւ ընդհանրապէս լաւ դաստիարակութիւնը պատճառներ են, որ ոմանք ուրիշներու կողմէ շահագործուին…: Ուրեմն, գիտցիր, թէ որո՞նք են քու շրջապատիդ մէջ քեզ սիրողները, յարգողները եւ քեզի օգնելու պատրաստակամ անձերը, որոնք եթէ օգնութեանդ կարիքը ունենան՝ չզլանաս անոնց կարիքները հոգալու, կամ օժանդակելու անոնց, երբ դիմեն քեզի:
Կան ընկերային հարցեր լուծելու հիմնարկութիւններ, որոնք ո՛չ միայն նիւթապէս, այլեւ բարոյապէս կարիքաւորներուն օժանդակելու նպատակ կը հետապնդեն: Հանդիպած ենք նաեւ անհատներու, այդպիսի աշխատանքներ կը կատարեն՝ իրենց կեանքին մէկ մասը յատկացնելով իրենց նմաններուն փրկութեան, այսինքն՝ կեանքի դժուարութիւններէն ձերբազատման: Օրինակելի եւ գնահատելի կեանքի ձեւ մըն է այս, երբ օժանդակողները ժամանակ եւ մանաւանդ միջոցներ ունին այդպիսի աշխատանք իրականացնելու:
Վերոյիշեալ մօտեցումը եթէ նիւթական հարցերու կը վերաբերի, դիւրին է լուծման հասնիլը, սակայն, եթէ բարոյական եւ յատկապէս անձնական հարցերու կը վերաբերին անոնք, շատ դժուար է սեփական մօտեցումով լուծումներ առաջարկելը: Ենթակաները ունին իրենց անձնական կեանքի տարբեր էջերը, որոնց մէջ յաճախ արձանագրուած չեն ըլլար մանրամասնութիւնները: Այսպէս, ամօթը, անյարմարութիւնը եւ այլ պայմաններ չեն թոյլատրեր յաճախ, որ այդ նիւթերը տարածուին միջավայրին մէջ, կամ այլոց սեփականութիւնը դառնան: Ուրեմն, լաւագոյնն է հեռու մնալ ծանօթ կամ անծանօթ մարդոց սեփական հարցերէն, ձգելով որ անոնք իրենց սեփական ոյժով լուծումներ գտնեն, եւ ազատին այդ հարցերէն: Չմոռնաս, որ այս հարցերով զբաղուիլդ ժամանակի կորուստ պիտի ըլլայ քեզի համար. ժամանակ, զոր կրնաս շատ աւելի լաւ իրագործումներու յատկացնել կեանքիդ ընթացքին:
Մեր շրջապատին մէջ հանդիպած ենք անձերու, որոնք իրենց շուրջը ապրողները տպաւորելու բազմաթիւ փորձեր կը կատարեն: Անոնք բնա՛ւ չեն անդրադառնար, որ ինքնասիրութեան այս ձեւը անիմաստ քայլ մըն է միայն, ոյժի սպառման առաջնորդող, եւ անձի մտայնութիւնը քայքայող: Մի՛ մոռնար, որ աշխարհի մարդկութեան մեծամասնութիւնը քեզմով հետաքրքրուած չէ, որքան ալ օգտագործես համացանցային կայքերն ու այլ լրատուամիջոցները: Նման էջերու մէջ շատ կան իրենք զիրենք խայտառակողներ, որոնք չեն ալ գիտեր հրապարակումներ կատարելու ճիշդ ձեւերը: Ոմանք հրապարակախօս ըլլալու ինքնավստահութեամբ՝ դուրս կու գան այս կամ այն կայքին վրայ, յաւիտենապէս խարանուելով իրենց ճակատին խայտառակութեան կնիքով:
Ներքին ոյժիդ եւ ինքնութեանդ հզօրացումը ամէն բանէ աւելին կ՛արժէ: Ժամանակդ վերոյիշեալին համար յատկացնելդ եւ նոյնիսկ սպառելդ շատ աւելի կարեւոր է, քան ուրիշները օրինակելու աշխատանքիդ նուիրուած ըլլալդ: Անպէտքներուն զբաղումներով հետաքրքրուիլդ սեփական ժամանակիդ վատնումն է եւ կեանքիդ փճացումը…։