

Աբովեան եւ Մասիս քաղաքներուն մէջ վերաբնակեցուած արցախցի 6էն 14 տարեկան մանուկ-պատանիներու համար կը կազմակերպուին բակային ճամբարներ: Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ ՀՄԸՄի «Արցախ ֆոնտ»ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի եւ Աբովեան ու Մասիս քաղաքներու համայնքապետարաններուն միացեալ աջակցութեամբ:
Մէկ ամիս տեւողութեամբ, ամէն Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը, արցախցի մանուկ-պատանիները կարելիութիւըն պիտի ունենան ծանօթանալու սկաուտական սովորութիւններուն, ձեռք բերելու խումբի մը մէջ աշխատելու հմտութիւններ եւ կարեւորագոյնը՝ ժամանակ անցընել արցախեան մթնոլորտին մէջ ու նոր գիտելիքներով վերադառնալ տուն:
Սկաուտները, աշխատելով արցախցի մանուկ-պատանիներուն հետ, ջանք եւ եռանդ չեն խնայեր, որ անոնց առօրեան հետաքրքրական ու յագեցած ըլլայ, իսկ աչքերը փայլին ուրախութեամբ:

