
13 Յուլիսին, Երեւանի մէջ ընթացք առած Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ուսանողական հաւաքը (ֆորում) աշխուժ կերպով կատարեց իր աշխատանքները:
Արդարեւ, Հինգշաբթի, 18 Յուլիսին ֆորումականներուն օրը սկսաւ Երեւանի պետական համալսարանը այցելելով, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի: Համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Արման Եղիազարեան ֆորումականներուն ծանօթացուց պետական համալսարանի բաժանմունքները եւ ընդհանրապէս համալսարանը: Անկէ ետք անոնք այցելեցին Կոմիտասի թանգարանը եւ պանթէոնը, ծանօթացան Կոմիտասի կեանքին, գործունէութեան, անոր ձգած հարստութեան, անոր պատկանող եւ թանգարանին մէջ պահպանուած իրերուն: Ապա անոնք ուղղուեցան Սասունցի Դաւիթի արձանին մօտ, որուն մասին տեղեկութիւններ ստացան:
Կէսօրէն ետք, ֆորումականները ջերմ հանդիպում ունեցան «Ակունք» ազգագրական համոյթի անդամներուն հետ, իսկ խումբի ղեկավար Արթուր Շահնազարեան անդրադարձաւ իրենց գործունէութեան, ազգային երգերու եւ մշակոյթի պահպանման ու տարածման անհրաժեշտութեան:
Ուրբաթ, 19 Յուլիսին ֆորումականները իրենց օրուան առաջին բաժինը անցուցին բնութեան գիրկը՝ Ծաղկաձորի մէջ, ուր վայելեցին ճոպանուղին, շրջանի բնութեան գեղեցկութիւնը: Ապա, նախորդ տարիներու աւանդութիւնը շարունակելով՝ այս տարի եւս Համազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակցողները այցելեցին Ծաղկաձորի Տիրամայր Հայաստանի ճամբարը, ուր հիւրընկալուեցան ճամբարի փոքրիկներուն կողմէ, որոնց հետ ունեցան կէսօրեայ ճոխ եւ հարազատ յայտագիր մը, միասին ճաշեցին, ընկերային պահեր ապրեցան, երգեցին, պարեցին ու խաղացին:

Կէսօրին մասնակցողները վերադարձան Երեւան, ուր անոնք տեղեկութիւններ ստացան «Ուիքիփետիա»ի հայերէն բաժինի գործունէութեան, զայն հարստացնելու ձեւերուն մասին՝ Ազնիւ Ստեփանեանի եւ Շահէն Արապօղլեանի կողմէ:
Շաբաթ, 20 Յուլիսին, ֆորումականները այցելեցին Խոր Վիրապ, մօտէն հաղորդուեցան Հայ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն դրուագներէն մէկուն վայրին, անկէ ետք անոնք ունեցան ազատ ժամ եւ այցելեցին Վերնիսաժ: Երեկոյեան մասնակցողները ներկայ գտնուեցան Սoս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատրոնի «Հրաշագործը» ներկայացումին:
Կիրակի, 21 Յուլիսին ուսանողական հաւաքին մասնակցողները այցելեցին Արագած եւ Ամբերդ. անոնց ընկերակցեցաւ Ցողիկ Աշըգեան, որ մանրամասն եւ համապարփակ տեղեկութիւններ տուաւ հայկական ճարտարապետութեան մասին, յատկապէս՝ խօսելով բերդին իւրայատկութեան մասին:
Երկուշաբթի, 22 Յուլիսին, ֆորումականները այցելեցին Օշական, ուր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը անոնց ներկայացուց գիրերու գիւտը, Մեսրոպ Մաշտոցի աւանդը, եւ զայն պահպանելու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ: Ապա անոնք ուղղուեցան Գիւմրի, ուր անոնց առաջին հանդիպումը եղաւ Արցախէն բռնի տեղահանուած մանուկներուն հետ. Շուշիի «Ծիլ» թատերական միաւորը եւ արցախցի փոքրիկները սփիւռքահայ երիտասարդներուն մատուցեցին Արցախի բարբառով ներկայացում մը: Ապա անոնք այցելեցին Կումայրի թանգարանը, ուր ծանօթացան քաղաքին պատմութեան:
Երեքշաբթի, 23 Յուլիսին մասնակցողները այցելեցին Գիւմրի քաղաքի զանազան թանգարաններ, ծանօթացան Յովհաննէս Շիրազի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Մհեր Մկրտչեանի կեանքին ու գործունէութեան: