«Թաթոյեան» հիմնարկը կը հաղորդէ, թէ 24 Յուլիսին, իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեան միջազգային լրագրողներու ներկայացուց Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային բնակավայրերու մէջ Ատրպէյճանի ոճրային արարքներուն ապացոյցները, ինչպէս նաեւ հայերու նկատմամբ Պաքուի վարած ցեղապաշտ, հայատեաց եւ հայկական ինքնութեան ոչնչացման պետական քաղաքականութիւնը:
Թաթոյեան ընդգծեց, թէ ատրպէյճանցի զինեալները կոպտօրէն կը խախտեն Հայաստանի սահմանային բնակիչներուն իրաւունքները, այդ պատճառով ալ վերջիններս զրկուած են բնականոն եւ ապահով կեանքէ, եւ այս բոլորը տեղի կ՛ունենայ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հովանաւորութեամբ։
«Քանի տակաւին այդ երկիրը չէ պատժուած, պիտի շարունակէ իր վարած քաղաքականութիւնը` շարունակաբար խաթարելով Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները», մատնանշեց Թաթոյեան։