Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անակնկալ այցելութեամբ մը Չորեքշաբթի երեկոյեան հասաւ Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Փութին Ասատի հետ հանդիպումին սկիզբը յայտնեց հետեւեալը. «Երկկողմ յարաբերութիւնները եւ շրջանին մէջ կացութիւնը պիտի քննարկենք. Միջին Արեւելքի, նաեւ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը դէպի մագլցում կ՛ուղղուի»:
«Ռուսիա եւ Սուրիա անցնող տասնամեակներուն ընթացքին դժուար քննութիւններէ անցան: Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պահպանեցին վստահութեան մակարդակը, եւ անիկա անոնց հասունութեան ցուցանիշ է։ Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները չցնցուեցան, հակառակ բոլոր պայմաններուն եւ խոչընդոտներուն», իր կարգին յայտնեց Ասատ:
Քաղաքական վերջին զարգացումներուն կողքին, կողմերը քննարկեցին Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով Ասատ-Փութին հանդիպումը՝ ըսաւ. «Փութին եւ Ասատ քննարկեցին աշխարհի վրայ եւ եւրասիական շրջանին մէջ հաւանական զարգացումներու բեմագրութիւնները եւ հեռանկարները»:
«Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ Փեսքով չպատասխանեց հարցումին՝ թէ արդեօք նախագահները քննարկա՞ծ են Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հաւանական հանդիպումի նիւթը: Թրքական որոշ լրատուամիջոցներ գրած էին, թէ Ասատ-Էրտողան բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ Ռուսիոյ մէջ: