Քրեմլին յայտնեց, որ Ռուսիա կ՛ուզէ, որ Թուրքիա եւ Սուրիա իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորեն: «Ռոյթըրզ»ը կը հաղորդէ, որ Քրեմլին այս մասին յայտարարեց` մեկնաբանելով այն լուրերը, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Օգոստոսին Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան:
Ասատ յայտնեց, որ Էրտողանի հետ հանդիպում մը պիտի ունենայ միայն այն ատեն, երբ երկու երկիրները պիտի կարենան կեդրոնանալ Անգարայի կողմէ ահաբեկչութեան աջակցութեան եւ սուրիական հողերէն թրքական ուժերու հեռացման հիմնական հարցերուն վրայ:
«Պէտք է սուրիական ընդդիմութեան կացութիւնը եւ անոր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանին ճակատագիրը քննարկել ՄԱԿի որոշումներուն հիման վրայ», «Սքայ Նիուզ Արապիա»ին յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան՝ աւելցնելով. «Կան քայլեր, զորս սուրիական պետութեան գործակցութեամբ պէտք է գործադրենք Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս` սահմաններու ապահովութիւն, ահաբեկչութեան դէմ պայքար եւ գաղթականներու տունդարձ: Յառաջիկայ Օգոստոսին պիտի այցելեմ Գահիրէ` Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիի Անգարա այցելութիւնը նախապատրաստելու համար: Պէտք է լուծել Լիպիոյ հետ իր սահմաններուն վերաբերող Եգիպտոսի մտավախութիւնը: Արաբական պետութիւններուն հետ մեր յարաբերութիւնները հասան հոյակապ մակարդակի, եւ մեր տարակարծութիւնները կը կարգաւորենք հասունութեամբ, ռազմավարական ծիրի մէջ»:
Միւս կողմէ, «Թասս»ը հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Էօզկիւր Էօզել մօտ օրէն հանդիպում մը պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահ Ասատի հետ` քննարկելու համար Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը:
«Հանդիպումին նիւթը մեր օրակարգին վրայ է: Դիւանագիտական խողովակներով կը կատարուին անհրաժեշտ աշխատանքներ: Սակայն այդ հանդիպումին օրը, վայրը եւ ժամը տակաւին չէ որոշուած», իր կարգին ըսաւ Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Տենիզ Եուճել: