Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ եւրոպական հարցերու օգնականի առաջին տեղակալ Եուրի Քիմ յայտարարեց, որ Հայաստանի կողմէ այլընտրանքներու որոնումը չի նշանակեր, որ այդպիսով կը վատթարանան Մոսկուայի հետ Երեւանի յարաբերութիւնները:
Ան այս հաստատումը կատարեց՝ ելոյթ ունենալով «Միացեալ Նահանգներու դերը Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային նոր կարգի հաստատման մէջ» խորագիրով քննարկումին ընթացքին:
«Մենք իսկապէս կը փափաքին կարելի եղածին չափ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի ջանքերուն, որոնք կը վերաբերին իր յարաբերութիւններու այլազանութեան, ապահովութեան ամրապնդման, տնտեսական բարգաւաճման եւ իր հակառակորդին հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան», նշեց Քիմ:
Խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան վերաբերող բանակցութիւններուն մասին՝ ան ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ կապեր հաստատել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ, որպէսզի օգնէ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը ստորագրութեան:
Ան նաեւ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգները կը սերտէ Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու այլ տարբերակներ, որոնց կարգին՝ Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով:
«Ընթացիկ ֆինանսական տարուան անիկա շուրջ 77 միլիոն է, ինչ որ գրեթէ երկու անգամ աւելի է, քան ընդամէնը երկու տարի առաջ: Այդ միջոցները պիտի տրամադրուին Հայաստանի կայունութեան այնպիսի հարցերու մէջ, ինչպէս՝ կլիման եւ պարէնային ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանը մեկուսացումէ դուրս բերելը», ըսաւ Քիմ: