Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան այցելեց աշխարհի կողմէ չճանչցուած եւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած մնացող «Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն»ը՝ մասնակցելու «Կիպրոսի խաղաղապահ գործողութեան» (բռնագրաւման) 50ամեակի ձեռնարկներուն: Այս առիթով, ան դարձեալ յայտարարեց, թէ «Թուրքիա պատրաստ է Կիպրոսի հարցին շուրջ բանակցութիւններու»։
Թուրքիա Կիպրոսի հիւսիսային մէկ երրորդին բռնագրաւումը կ՛որակէ «խաղաղապահ գործողութիւն»՝ նշելով, թէ օգտագործած է իր իրաւունքը՝ իբրեւ երաշխաւոր պետութիւն՝ կիպրացի թուրքերը պաշտպանելու համար:
«Տարածաշրջանին մէջ շարունակուող հակամարտութիւններու ծիրին մէջ կ՛առնուին չափազանց անպատասխանատու քայլեր, որոնք վտանգի կ՛ենթարկեն ամբողջ կղզիին (Կիպրոսի) ապահովութիւնը: Մենք կը կարծենք, որ անընդունելի է Կիպրոսի մէջ դաշնակցային կառավարման կարգ հաստատելու գաղափարը: Լուծում գտնելու համար պէտք է ճանչնալ կիպրացի թուրքերու իրաւունքները», ըսաւ Էրտողան:
Ըստ անոր՝ Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ երկխօսութեան խորացումը Կիպրոսի հարցին համար արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:
Նշենք, որ ՄԱԿի բանագնացները տագնապին լաւագոյն լուծումը եւ կղզին վերամիացնելու ամէնէն արդար ընտրանքը կը նկատեն դաշնակցային դրութեամբ կիպրացի յոյներու եւ թուրքերու կառավարութիւն մը։