
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու բանակի ներկայացուցիչը նշանակելով՝ Ուաշինկթըն մտադիր է աջակցիլ Երեւանին՝ ապահովութեան ոլորտի կառավարման բարելաւման, ինչ որ, իր կարգին, պիտի նպաստէ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ամրապնդման, «Արմէնփրէս»ի հարցումին իբրեւ պատասխան՝ այս հաստատումը կատարեցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութենէն։
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ի՛նչ գործառոյթներ պիտի վերապահուին Միացեալ Նահանգներու բանակի ներկայացուցիչին՝ դեսպանութենէն պատասխանեցին՝ ըսելով. «Քաղաքացիական խորհրդատուն չի ֆինանսաւորուիր Միացեալ Նահանգներու բանակին կամ պաշտպանութեան բաժանմունքին կողմէ. ֆինանսաւորումը կ՛ապահովուի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, եւ խորհրդատուն պիտի աջակցի Հայաստանի պաշտպանական հաստատութիւններու ամրապնդման։ Խորհրդատուն պիտի աշխատի Հայաստանի մէջ՝ կանոնաւոր աշխատանքային կապեր ունենալով դեսպանութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ»։ Դեսպանութիւնը նաեւ աւելցուց, որ խորհրդատուական աջակցութեան միջոցով Միացեալ Նահանգները մտադիր է աջակցիլ Հայաստանին՝ ապահովութեան ոլորտի կառավարման բարելաւման, ինչ որ իր կարգին պիտի նպաստէ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ամրապնդման։
«Քաղաքացիական խորհրդատուի ընտրութիւնը կատարուած է եւ այս տարի աւելի ուշ ան պիտի սկսի աշխատանքի», եզրափակեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը։
Իսկ 23 Յուլիսին, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիըն, զօր. Ճէյմզ Կրիզըլ (Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութիւն), ջոկատի զօրավար Էնթընի Մոհաթ (Քենզըսի ազգային ջոկատ) եւ ջոկատի զօրավար Էնտրիւ Սասլաւ (Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքեր) դիտարկեցին «Արծիւ գործընկեր 24» զօրավարժութեան ընթացքը։ Այս մասին յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն:
«15 Յուլիսին մեկնարկած այս զօրավարժութիւնը Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկարամեայ պաշտպանական համագործակցութեան նախաձեռնութիւններէն է միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ մասնակցութեան նախապատրաստութեան ուղղութեամբ։ Զօրավարժութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 24 Յուլիս», կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կապերուն անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր, որ ըսաւ, թէ կը շարունակուի զգալի յառաջընթաց արձանագրուիլ խաղաղութեան պայմանագիրին ուղղութեամբ։
«Մենք յանձնառու ենք աջակցելու այս գործընթացին: Ինչպէս ըսած ենք, ասիկա խաղաղութեան ժամանակն է, եւ մենք կը շարունակենք աշխատիլ համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Միլըր։