
Հայաստան դարձած է հնդկական զէնքի թիւ մէկ մեծ գնորդը։ Այս մասին կը վկայէ Հնդկաստանի խորհրդարանի ելեւմուտքի նախարարութեան ներկայացուցած տնտեսական տեղեկագրութիւնը։
«Նախկին խորհրդային հանրապետութիւն Հայաստան Pinaka համազարկային կրակի հակազդակ համակարգերու եւ Akash զենիթային հրթիռներու ձեռքբերման գործարքներ կնքելէ ետք դարձաւ Հնդկաստանէն զէնքի մեծագոյն ներածողը», ըստ «Թասս»ի, կ՛ըսուի վերոնշեալ տեղեկագիրին մէջ։
Ըստ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն` 2024-2025 ֆինանսական տարեշրջանի հնդկական սպառազինութիւններու Հայաստանի գնումներու ծաւալները հասած են 600 միլիոն տոլարի։