Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, անդրադառնալով Լոնտոնի մէջ եւրոպական քաղաքական համայքի վեհաժողովի ծիրին մէջ ունեցած հանդիպումներուն՝ ըսաւ, որ Եւրոպա պիտի աջակցի Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին խաղաղութեան հաստատման ուղիին ընթացքին։
«Ինծի համար Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ զրուցել կարեւոր էր: Այս տարին շատ կարեւոր է Հարաւային Կովկասի համար։ Ասիկա կրնայ խաղաղութեան տարի ըլլալ, եթէ երկու կողմերը իրարու նկատմամբ հետագայ վճռական եւ համարձակ քայլերու ձեռնարկեն: Եւրոպա, ընդհանուր առմամբ, պիտի ընկերակցի Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ իրարու հետ խաղաղութիւն հաստատելու ճամբուն վրայ, որ երկար պիտի տեւէ եւ պիտի ապահովէ ամուր համագործակցութիւն դրացի այս երկու երկիրներուն միջեւ», ըսաւ Շոլց։