Մինչ 17 Յուլիսին կը նշուէր Քրէական արդարութեան միջազգային օրը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ Միջազգային քրէական դատարանին (ICC)՝ անյապաղ պատժական քայլեր որդեգրելու Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն իրագործած ատրպէյճանի ղեկավարներուն դէմ, գլխաւորութեամբ երկրին նախագահ Իլհամ Ալիեւի։
Հայ Դատի յանձնախումբը շեշտեց, թէ 2020ի 44օրեայ պատերազմէն սկսելով եւ հասնելով մինչեւ Արցախի հայաթափումը՝ Ալիեւ եւ անոր գործակիցները պատերազմական ոճիրներ, մարդկութեան դէմ ոճիրներ, ցեղասպանական շրջափակում եւ ցեղային մաքրագործում իրականացուցին Արցախի մէջ՝ աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր ոճիրի մասին ծաւալուն մանրամասնութիւններ, զեկոյցներ եւ փաստաթուղթեր արդէն իսկ հրապարակուած են միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ, ներառեալ՝ Հայկական իրաւական կեդրոնը։
Իր կոչին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը մատնանշէ, թէ նշեալ բոլոր ոճիրները խախտումներ են Միջազգային մարդասիրական օրէնքին (IHL) եւ Միջազգային մարդկային իրաւանց օրէնքին (IHRL)՝ աւելցնելով, թէ հայ ռազմագերիներու ապօրինի կերպով բանտերուն մէջ պահելու՝ Պաքուի քայլը կը խախտէ Ժընեւի համաձայնութեան 3րդ յօդուածը։
(Քաղուած Անի Մոսքոֆեանի լրատուութենէն)