Ատրպէյճանի դատարանը արցախցի Ռաշիդ Բեգլարեանը դատապարտեց 15 տարուան բանտարկութեան:
Առաջին 5 տարիները ան պիտի անցընէ բանտին մէջ, յաջորդ 10ն` խիստ հսկողութեամբ գաղութին մէջ:
Բեգլարեան 1 Օգոստոս 2023ին մոլորած էր եւ յայտնուած Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ եւ ձերբակալուած էր:
Պաքուն զայն կը մեղադրէ, այսպէս կոչուած, «Խոջալուի ջարդերուն» մասնակցելուն մէջ: