Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Ընդհանուր քարտուղարին պաշտօնական ներկայացուցիչը՝ Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ եւ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ:
«Մենք իսկապէս յոյս ունինք, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը իր պտուղները պիտի տայ: Կը կարծեմ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ շարք մը երկկողմ հարցերու լուծումը շատ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն այդ երկիրներուն, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ», լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Տիւժարիք ՝ անդրադառնալով 10 Յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին: