
Նախքան ՆԱԹՕի վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով Ուաշինկթըն իր մեկնելը, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն:
«Հայաստան պէտք է ընտրէ տարածաշրջանային համագործակցութեան, այլ ոչ թէ տարածքային պահանջներու ուղին», Ատրպէյճանի դիւանագիտական ծառայութեան 105ամեակին նուիրուած ընդունելութեան ընթացքին յայտարարեց Պայրամով: աւելցնելով.
«Ստեղծուած պատմական պայմաններուն մէջ Ատրպէյճանն է, որ մնայուն կերպով հանդէս կու գայ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան օգտին»։
ՆԱԹՕի վեհաժողովը նախատեսուած է 9էն 11 Յուլիսին: Անոր մասնակցելու նպատակով Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն օր մը առաջ յայտնեցին, որ Ուաշինկթընի մէջ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն չկայ: