Կիրակի, 7 Յուլիսին, Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին, նկատի ունենալով Ա. փուլին արդիւնքները, կը սպասուէր ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային համախմբում»ի լայն յաղթանակը։ Սակայն, երեկոյեան ժամը 8ին հրապարակուած առաջին արդիւնքները առատ էին անակնկալներով, որոնք յուսախաբ ըրին ոմանք, մինչ ուրիշներ, որոնք կը տագնապէին ծայրայեղ աջին ուրուականով՝ խորունկ շունչ մը քաշեցին։
Այսպէս, առաջին դիրքի վրայ հասաւ ձախակողմեաններու եւ ձախակողմեան հակումով կանաչներու համախմբումով կազմուած «Նոր ժողովրդական ճակատ»ը։ Անոր յաջորդեց նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Վերածնունդ» կուսակցութեան շուրջ համախմբուած «Միասին»ը, իսկ «Ազգային համախմբում»ը գրաւեց երրորդ դիրքը։
Ըստ ոչ-պաշտօնական արդիւնքներու՝ Ազգային ժողովի 577 աթոռներէն՝ «Նոր ժողովրդական ճակատ»ը շահեցաւ 182, «Միասին»ը՝ 163, իսկ «Ազգային համախմբում»ը եւ դաշնակիցները՝ 143 աթոռներ։ Աջակողմեան այլ կուսակցութիւններ ապահովեցին 68, իսկ ձախակողմեան այլ կուսակցութիւններ՝ 11 աթոռներ։
Արդիւնքներուն հրապարակուելէն ետք, վարչապետ Կապրիէլ Աթթալ իր հրաժարականը ներկայացուց հանրապետութեան նախագահին, սակայն Մաքրոն մերժեց զայն՝ շեշտելով, որ ան պէտք է պաշտօնին վրայ մնայ մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, յատկապէս 26 Յուլիսին սկսող Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին երկրին կայութիւնը պահպանելու համար։
Քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը շուրջ 67.5 տոկոս էր, ինչ որ 1997էն ի վեր ամէնէն բարձր ցուցանիշն է։
Այս արդիւնքներով, Ֆրանսա կրնայ վանած համարել ծայրայեղ աջին սպառնալիքը (գոնէ առայժմ), սակայն, Ազգային ժողովին մէջ ստեղծուած է շատ բարդ կացութիւն մը, զոր տակաւին ոչ ոք գիտէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յաղթահարել։ Բոլորովին իրարամերժ երեք հոսանքներ տիրացած են իւրաքանչիւրը աթոռներու ընդհանուր թիւին շուրջ մէկ երրորդին եւ այս պայմաններուն մէջ շատ դժուար պիտի ըլլայ երկրին կառավարումը։
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծ յաղթանակ մը արձանագրելով՝ վերջ տուաւ Պահպանողական կուսակցութեան 14ամեայ իշխանութեան: Երկրին վարչապետի պաշտօնը ստանձնեց կուսակցութեան ղեկավար Քիր Սթարմըր:
Աշխատաւորական կուսակցութիւնը (կեդրոն ձախ) ապահովեց խորհրդարանի 650 աթոռներէն 410ը, իսկ Պահպանողական կուսակցութիւնը՝ 131 աթոռներ, ինչ որ դարասկիզբէն ի վեր կուսակցութեան ընտրական յոռեգոյն արդիւնքն է: