Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրօ Քուլեպայի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմ քաղաքական երկխօսութեան հարցեր: Այս պարունակին մէջ, կարեւոր նկատուեցան Քիեւի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական խորհրդակցութիւնները եւ զանազան ձեւաչափերով պարբերական կապերը:
Միտքեր փոխանակուեցան Եւրոպական Միութեան հետ փոխգործակցութեան հարցերու շուրջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային նիւթերու:
Միրզոյեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովական իրավիճակը եւ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն` շեշտելով խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման կարեւորութիւնը տարածաշրջանային ապահովութեան երաշխաւորման ծիրին մէջ։
Քուլեպա շնորհակալութիւն յայտնեց Միրզոյեանին՝ Զուիցերիոյ մէջ Խաղաղութեան առաջին գագաթնաժողովին ունեցած մասնակցութեան համար:
Ան այս մասին Քուլեպա «Էքս»ի իր էջին վրայ գրութիւն մը արձանագրելով՝ կը յայտնէ, որ Միրզոյեանը տեղեակ պահած է Ուքրանիոյ մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան ճամբուն վրայ Խաղաղութեան բանաձեւի իրականացման հետագայ աշխատանքներուն մասին: Ան կ՛աւելցնէ, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը նաեւ կեդրոնացան Հայաստան-Ուքրանիա երկկողմ կապերու եւ միջազգային համագործակցութեան խորացման ուղիներուն վրայ, յատկապէս` նկատի ունենալով Ուքրանիոյ ապագայ անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան: