Իրանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Մուհսեն Էսլամի յայտնեց, որ նախագահութեան թեկնածուներ Մասուտ Փեզեշքեան եւ Սայիտ Ճալիլի անցած են ընտրութեան երկրորդ հանգրուանը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Ուրբաթ օր` նկատի ունենալով, որ թեկնածուներէն ոչ ոք քուէներուն 50+1ը ապահոված է:
Ընտրութիւններու առաջին հանգրուանին մասնակցեցան շուրջ 24 միլիոն քուէարկողներ, այսինքն` մասնակցութեան համեմատութիւնը 40 առ հարիւր էր: Փեզեշքեան ստացաւ 10,415,991 քուէներ, իսկ Ճալիլի` 9,473,298, Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ` 3,383,340 եւ Մուսթաֆա Պուր Մոհամետի Ալի` 206,397:
Նշենք, որ ընտրութիւններուն աւարտի ժամկէտը երեք անգամ երկարաձգուեցաւ եւ վերջապէս աւարտեցաւ Թեհրանի ժամանակացոյցով կէս գիշերին:
Քալիպաֆ Շաբաթ օր յայտարարեց, որ ընտրութեան երկրորդ փուլին պիտի զօրակցի Սայիտ Ճալիլիի թեկնածութեան: