Հայազգի Ռայա Նազարեան 131 թեր, 66 դէմ եւ 39 ձեռնպահ քուէներով ընտրուեցաւ Պուլկարիոյ խորհրդարանի նախագահ: Այս մասին կը հաղորդէ պուլկարական ՊԹԱ լրատու գործակալութիւնը:
Մասնագիտութեամբ իրաւաբան՝ Նազարեան, ընտրուելէ ետք իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ խորհրդարանը` հասարակութեան վստահութեան աստիճանէն անկախ, գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու օրինականացման միակ հարթակն է:
«Այդ պատճառով, մեր ամէն մէկ ներկայացուցիչին ընդհանուր պարտականութիւնը կայունութեան, ապահովութեան եւ արդարութեան ուղղութեամբ քաղաքական հոլովոյթներու կարգաւորման՝ հասարակութեան ակնկալիքները ապահովելը եւ արդարացնելն է», ըսաւ ան:
Նազարեան նշեց, որ երեսփոխանները կրնան իր վրայ յոյս դնել երկխօսութեան, արդարութեան, իրաւահաւասարութեան եւ Ազգային ժողովի կանոնադրութեան, օրէնքներուն եւ կանոնագիրներուն անվերապահօրէն հետեւելու գծով:
Նշենք, որ 39ամեայ Նազարեան ծնած է Վառնա։