ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ԱՅՆ ՀԱՐԹՈՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆ Է, ՈՐ ՀԱՅ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԴԷՊԻ ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Հինգշաբթի, 23 Մայիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի՝ մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, ուր դիմաւորուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեանի կողմէ։


Յաջորդ օրը, սրբազան հայրը նախագահեց Ովսաննա Մսըրլեան մանկամսուրի աշակերտներու աւարտական հանդէսին, որուն ընթացքին ան իր հայրական սրտառուչ պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Գեղամ սրբազանը նշեց, որ հայ դպրոցը հայ մանուկին երկրորդ տունն է եւ իւրաքանչիւր երդիք մայր կ՛ունենայ, հետեւաբար, հայ ուսուցիչը ունի երկակի պարտականութիւն. ան իր աշակերտներուն թէ՛ ուսուցիչը եւ թէ՛ մայրն է։ Ցոյց տալով բեմին վրայ կանգնեցուած դէպի Արարատ լեռ եւ Խոր Վիրապ տանող լուսանկարը, սրբազանը մատնանշեց, որ հայ դպրոցը այն հարթող ճանապարհն է, որ հայ նոր սերունդը կ՛առաջնորդէ դէպի հայ քրիստոնեայ հաւատք եւ հայկական արմատներ։ Ան մեծապէս գնահատեց հայ ծնողները, որովհետեւ անոնք, հաւատալով հայ դպրոցի առաքելութեան, իրենց զաւակները կը վստահին հայ դպրոցին, մանաւանդ արեւմտեան այս ափերուն վրայ։
Կիրակի օր, Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, կատարեց Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն եւ աւուր պատշաճի քարոզեց։
Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան։ Պատարագին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ: Հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան համայնքային կեանքի ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հաւատացեալներ:



Յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին՝ բարի գալուստի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Սմբատ վրդ. Սապունճեան եւ քաջառողջութիւն, ուժ ու կորով մաղթեց առաջնորդին, որպէսզի իրեն վստահուած հօտը առաջնորդէ ի բարին եւ ի խաղաղութիւն։
Գեղամ սրբազանը իր պատգամին իբրեւ բնաբան ընտրած էր Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղղուած նամակէն հետեւեալ խօսքը. «Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է» (Ա. Կր․ 13.13)։ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամէնէն կարեւոր առաքինութիւններն են հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, որոնք իբրեւ եռամիասնութիւն կը կազմեն մեր քրիստոնէական հաւատքի հենքն ու կիզակէտը։ «Հաւատքը սոսկ գիտակցական վիճակ մը չէ, այլ ամէնէն զօրաւոր զգացականութիւնը մարդուն մէջ, որ զինք սովորական կեանքէն դուրս եւ աւելի բարձր իրականութեանց հաղորդ կը դարձնէ։ Յոյսն է, որ մեզի ներկան ապրելու եւ ապագային նայելու մղում կու տայ, որովհետեւ գերագոյն յոյսը եւ յոյս տուողը Աստուած ի՛նքն է։ Իսկ սէրը բոլոր առաքինութեանց ծնուցիչն է եւ պատուիրաններու պարագլուխը, որմէ ծնունդ կ՛առնեն թէ՛ հաւատքը եւ թէ յոյսը, թէ՛ ողջմտութիւնը եւ թէ խաղաղութիւնը», ընդգծեց սրբազանը։
Այնուհետեւ, Գեղամ արքեպիսկոպոսը վեր առաւ Հայաստանի անկախութեան տօնը եւ նահատակութեան գնով հայրենիք պահելու անցեալ դարու հայ սերունդներու հայրենասիրութիւնը, հաւատքը եւ պայքարի ոգին՝ ընդդէմ ցեղասպան թուրք պետութեան եւ անոր հայաստանակուլ գրոհներուն, յորդորելով համայն հայութիւնը, որ եղբայրաբար ու միասնական կեցուածքով դիմագրաւեն մերօրեայ մարտահրաւէրները։ Սրբազանը հաստատեց, թէ հայրենասիրութիւնը ազգային առաքինութիւններուն գլխաւորն է։
Առաջնորդը նաեւ յայտարարեց, որ Արցախ քհնյ. Պատոյեան նշանակուած է նոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ մաղթեց, որ տէր հայրը կոչումի բարձրագոյն գիտակցութեամբ շարունակէ իր ծառայութիւնը իրեն հարազատ միջավայրին մէջ՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն Հայ եկեղեցւոյ։ Ան նաեւ դրուատեց հայր Սմբատի ծառայութիւնը թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ համայնքի կեանքին մէջ եւ անոր նոր յաջողութիւններ մաղթեց։ Յայտնենք, որ առաջնորդը նաեւ շնորհաւորեց Արամ Ա. կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը եւ մաղթեց առողջութիւն եւ ընդ երկար տարիներու գահակալութիւն։



Իր պատգամի աւարտին, Գեղամ արք. Խաչերեան ողջունեց Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքը եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, ապա շեշտեց Մայիս 28ի եւ հայրենասիրութեան ոգին յաջորդող սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը՝ դիտել տալով, որ նորօրեայ մատղաշ սերո՛ւնդն է մեր ազգի յոյսը եւ ապագան։
Հուսկ, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք ու եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, որմէ ետք հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Արցախի հերոսամարտերու զոհուած ազատամարտիկներու հոգիներուն համար։
Յետ Ս. պատարագի, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան՝ ի պատիւ առաջնորդին։ Գեղամ արքեպիսկոպոսը մեծ սիրով դիմաւորուեցաւ համայնքի զաւակներուն կողմէ, ծանօթացաւ անոնց հետ եւ ընդունեց անոնց շնորհաւորանքներն ու ջերմագին բարեմաղթութիւնները։