ՇՈՒՐՉ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԼԵԶՈՒ ՄԸ ԿԸ ՄԵՌՆԻ՝ ԻՐԵՆ ՀԵՏ ՏԱՆԵԼՈՎ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ։ «ՆԷՇԸՆԸԼ ՃԷՈԿՐԱՖԻՔ» ԻՐ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԲԱԺԻՆՈՎ ԿԸ ԳՐԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՅՆ ՇՐՉԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ, ՈՒՐ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ԼԵԶՈՒՆԵՐ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆ ԱՆՀԵՏԱՆԱԼՈՒ ՎՏԱՆԳԸ։ ՆՈՐ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԼԵԶՈՒԻ ՄԸ ԿՈՐՈՒՍՏԻՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԶԱՅՆ ՉԳՈՐԾԱԾՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԸՆՏՐԱՆՔՆ Է:
Ալասքայէն մինչեւ Աւստրալիա աշխարհի տարածքին հարիւրաւոր լեզուներ կը թփրտան անհետացումի սեմին։ Երբեմն միայն մէկ անձ գիտէ լեզու մը խօսիլ։
«Լեզուներ մատնուած են աշխարհէն բնաջնջուելու աղէտին, ինչ որ կ՚արագացնէ բնութեան մէջ անասնատեսակներու եւ բուսատեսակներու անհետացումը», կ՚ըսէ Փենսիլվանիոյ Սուարթմոր քոլէճէն լեզուագիտութեան դասախօս Տէյվիտ Հերիսըն։
Հերիսըն եւ Կրեկորի Էնտըրսըն մաս կը կազմեն Օրէկոնի վտանգուած լեզուներուն համար հաստատուած «Լիվինկ թանկզ» (ապրող լեզուներ) հիմնարկին։ Անոնք «Նէշընըլ Ճէոկրաֆիք Սոսայըթի»ի «Ինտիուրինկ վոյսըզ» (յարատեւող ձայներ) ծրագիրին հիմամբ՝ ուղարկուած են աշխարհը շրջելու եւ հարցազրոյցներ կատարելու կորստեան սուր վտանգ դիմագրաւող լեզուներ խօսող վերջին անձերուն հետ։
Հերիսընի համաձայն, աշխարհի 7000 լեզուներուն աւելի քան կէսը մեռած պիտի ըլլայ 21րդ դարու աւարտէն առաջ՝ իրեն հետ յաճախ տանելով բնութեան աշխարհին վերաբերող անփոխարինելի գիտութիւն։
«Ինչ որ գիտենք անասնատեսակներու, բուսատեսակներու եւ անոնց ապրած միջավայրին մասին, ոչ մէկ տեղ գրուած է, այլ գոյութիւն ունի միայն մարդոց ուղեղին մէ»ջ, կ՚ըսէ ան։
«Մեր աչքերուն առջեւ կը տեսնենք, թէ ի՛նչպէս կը մաշի մարդկային գիտութեան հիմը»։
ԴԱՆԴԱՂ ՄԱՀ
Վերջին 500 տարիներուն անհետացած է աշխարհի լեզուներուն կէսը. անոնց շարքին են էթրիւսքներու լեզուն եւ թասմաներէնը։
Սակայն ուսումնասիրողներ կ՚ըսեն, թէ աշխարհի լեզուները արձանագրուած պատմութեան մէջ որեւէ ժամանակէ աւելի արագ կ՚անհետանան այսօր։
Կան 500 լեզուներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի հազիւ 10 խօսող։
Կարգ մը լեզուներ անհետացած են ակնթարթի մէջ, երբ փոքր եւ խոցելի հաւաքականութիւններ բնաջնջուած են բնական աղէտներու պատճառով։
Սակայն լեզուները ընդհանրապէս կը մահանան դանդաղօրէն։ Մարդիկ պարզապէս կը հրաժարին իրենց մայրենի լեզուէն, երբ կը շրջապատուին աւելի հասարակաց լեզու մը խօսող անձերով։
Քալիֆորնիոյ մէջ մինչեւ այսօր գոյատեւած բնիկ լեզուներէն ոչ մէկը այսօր կ՚ուսուցանուի դպրոցական մանուկներուն։
«Այն լեզուները, զորս չեն սորվիր մանուկները, ոչ միայն վտանգուած են, այլ նաեւ՝ դատապարտուած կորուստի», կ՚ըսէ Եութայի համալսարանէն լեզուագիտութեան դասախօս Լայլ Քամփպէլ։
Այս ամառ «Յարատեւող ձայներ»ու ուսումնասիրողները ճամբորդեցին Աւստրալիա, ուր բնիկ աւստրալիացիներուն լեզուները աշխարհի ամէնէն աւելի վտանգուած լեզուներէն են։
Աւստրալիոյ հիւսիսային տարածքներուն մէջ ուսումնասիրողները արձանագրեցին եւ ցանկագրեցին մակաթի քէ լեզուն խօսող երեք հոգիի ձայնը։ Աւստրալիոյ արեւմտեան շրջաններուն մէջ անոնք գտան երեք հոգի, որոնք կը խօսէին քիչ ծանօթ եաուրու լեզուն։
Երկրին խորերը անոնք նաեւ գտան մարդ մը, որ տարրական ծանօթութիւն ունէր նախապէս կորսուած յայտարարուած ամուրտակ լեզուին։
«Աւստրալիան հրաշալի վայր մըն է, որովհետեւ մարդիկ հոն ապրած են աւելի քան 50 հազար տարիէ ի վեր եւ կը ներկայացնեն չընդհատուած կապ մը անցեալին հետ։ Բան մը, որմէ զուրկ են աշխարհի միւս շրջանները», կ՚ըսէ Հերիսըն։
«Կրնաս իրապէս գաղափար մը ունենալ մարդկային նախապատմական անցեալին մասին, ինչպէս նաեւ՝ դիցաբանական հաւատալիքներուն եւ համակարգերուն, որոնց ծնունդ տուած է մարդը եւ զանոնք փոխանցած է բանաւոր՝ առանց որեւէ գրութեան օգնութեան»։
ԱՄԷՆԷՆ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՇՐՉԱՆՆԵՐԸ
Ուսումնասիրողները աշխարհի ամէնէն վտանգուած լեզուներուն «թէժ» տարածքները փնտռած են ոչ թէ յատուկ լեզուներու հիմամբ, այլ՝ ամբողջ լեզուաընտանիքներու։
Անոնք հետեւեալ երեք գլխաւոր նախադրեալներէն մեկնած են՝ ճշդելու համար, թէ շրջան մը պէ՞տք է վտանգուած նկատել լեզուներու բնաջնջումի առումով։
Ա.- Խօսուած լեզուներուն այլազանութիւնը։
Բ.- Տուեալ լեզուի մը դիմագրաւած վտանգին տարողութիւնը։
Գ.- Լեզուի մը գիտական ցանկագրումը։
Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ Պոլիվիոյ մէջ լեզուական այլազանութիւնը կրկնապատիկն է ամբողջ Եւրոպայի լեզուական պատկերին։ Սակայն այս այլազանութիւնը հետզհետէ կը դիմագրաւէ տիրական լեզուներու, ինչպէս՝ սպաներէնի վտանգը։
«Ասիկա արմատական եւ նոր մօտեցում մըն է աշխարհի լեզուական այլազանութեան», կ՚ըսէ Հերիսըն։
Աշխարհի ամէնէն վտանգուած լեզուները ընդգրկող շրջանները եղած են վերաբնակեցուած գաղութավայրեր եւ կը գտնուին գաղթի ճամբաներու վրայ, ինչպէս կը նշէ Էնտըրսըն։
«Վտանգուած 5 թէժ շրջաններու գլխաւոր նմանութիւնը այն է, թէ անոնք վերջին պահապաններն են այն լեզուներուն, որոնց գործածութեան տարածքները յաջող կերպով վերաբնակեցուած են իբրեւ գաղութավայր», կ՚ըսէ ան։
Քամփպէլ «մեծապէս գովելի» կը նկատէ «Յարատեւող ձայներ» ծրագիրին համար կատարուած այս ուսումնասիրութիւնները։
Սակայն ան կ՚աւելցնէ, թէ վտանգուած լեզուներու քանի մը կեդրոններու վրայ կեդրոնանալը կրնայ սխալ տեղ առաջնորդել, որովհետեւ կան նաեւ այլ շրջաններ, ուր լեզուներ նմանօրինակ տագնապի մատնուած են։
«Հիմնականին մէջ բնիկ ամերիկեան բոլոր լեզուները վտանգուած են,- կ՚ըսէ ան։ – Իսկ Աւստրալիոյ միւս շրջաններուն մէջ բնիկ աւստրալիացիներուն գրեթէ բոլոր լեզուները արդէն բնաջնջուած են»։
«Մինչ մուտք կը գործենք լեզուական զանգուածային բնաջնջումի ժամանակները, պիտի տեսնենք, թէ տարբեր ձեւով պիտի սահմանենք այն, ինչ որ կարելի է լեզու մը նկատել, եւ փոփոխութեան պիտի ենթարկուի զայն խօսողները բնորոշելու մեր մօտեցումը», կ՚ըսէ Ալասքա Ֆայրպէնքս համալսարանէն Ալասքայի լեզուներու մասնագէտ Կէրի Հոլթոն։
Հոլթոնի համաձայն, մարդիկ, որոնք միայն մասամբ գիտեն լեզու մը, զայն սահուն խօսող սերունդին մահէն ետք պիտի նկատուին տուեալ լեզուն խօսողներ։
Լեզուի մը մահը նաեւ կրնայ ծնունդ տալ այլ լեզուի մը, կ՚ըսէ ան։
Վերջերս Հոլթոն հարաւարեւելեան Ինտոնեզիոյ մէջ հանդիպած է լլու անունով լեզուի մը, զոր միայն քանի մը տարեցներ կը խօսին։ Անիկա ժամանակին հաւանաբար բարբառներէն մէկն էր լամմա լեզուին. Փափուայի լեզուներէն մէկը, որ կը խօսուէր միայն մէկ կղզիի վրայ։
«Սակայն մինչ այլ բարբառներ անհետացած են, լլուն այժմ կը նկատուի առանձին լեզու մը,- կ՚ըսէ Հոլթոն։ – Այսպէս, այն, ինչ որ ժամանակին բարբառ մըն էր, այժմ կը վերածուի լեզուի»։
ԳԱՂՏՆԻ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ
Հերիսըն կը նշէ, թէ երբ լեզու մը կը կորսուի, անոր հետ կրնայ ի սպառ մոռցուիլ անասուններու, բոյսերու, ուսողութեան եւ ժամանակի վերաբերող մարդկային դարաւոր մտածողութիւն մը։
«Բուսատեսակներու եւ անասնատեսակներու 80 առ հարիւրը յայտնաբերուած է գիտութեան բնագաւառին մէջ, սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ մարդիկ անծանօթ էին անոնց, որովհետեւ բուսատեսակներու եւ անասնատեսակներու շրջապատին մէջ ապրողները սերտ ծանօթութիւն ունին անոնց, ինչպէս նաեւ՝ զանոնք դասաւորելու յաճախ աւելի կատարելագործուած միջոցներ, քան ինչ որ գիտութիւն կ՚ընձեռէ մեզի», կ՚ըսէ ան։
«Այսպիսով մենք կը թափենք դարաւոր գիտութիւն մը եւ յայտնաբերումներ, զորս մարդիկ կատարած են դարեր շարունակ»։
Հերիսըն եւ Էնտըրսըն Պոլիվիոյ մէջ հանդիպած են քալլաուայա անձերու, որոնք աւանդաբար բուսաբժշկութեամբ կը զբաղին՝ ինքաներու կայսրութեան ժամանակներէն ի վեր։
Քալլաուայաները իրենց առօրեայ կեանքին մէջ կը գործածեն աւելի ընդհանրացած քուեչուա լեզուն։ Սակայն անոնք նաեւ կը պահպանեն գաղտնի լեզու մը՝ բժշկական յատկութիւններով օժտուած հազարաւոր բոյսերու մասին տեղեկութիւններ ծածկագրելու համար։ Բոյսեր, որոնցմէ ոմանք նախապէս անծանօթ էին գիտութեան, քալլաուայաները կ՚օգտագործեն իբրեւ դարման։
Միւս կողմէ, Միքրոնեզիոյ բնակիչներուն ծովագնացութեան գիտութիւնը եւս ծածկագրուած է փոքր եւ վտանգուած լեզուներով, ինչպէս կ՚ըսէ Հերիսըն։
«Կան անձեր, որոնք հաւանաբար ունին որոշ գիտելիքներ, ինչ որ առիթ կու տայ իրենց նաւարկելու հազարաւոր մղոն՝ առանց ունենալու ովկիանոսի ցուցակագրուած քարտէս մը, առանց ունենալու նաւարկութեան արդիական գործիքներ»։
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԷ ԿԱԽԵԱԼ Է ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒ ԱՊԱԳԱՆ
Հերիսընի համաձայն, յաճախ մանուկներն են, որոնք կ՚որոշեն իրողապէս լքել մայրենի լեզու մը։
«Մանուկները փոքր ջերմաչափերն են ընկերային արժեւորումի», կ՚ըսէ ան։
«Անոնք առանց որեւէ հարցադրումի կը զգան, թէ երբ կը բնակին այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր երկու լեզու կը խօսուի, անոնցմէ մէկը նուազ արժեւորուած է, քան՝ միւսը, հետեւաբար կը խօսին աւելի բարձր արժեւորուած լեզուն»։
Էնտըրսըն համաձայն է, թէ ընկերային ճնշումները տիրական դեր կը խաղան լեզուի մը գոյատեւումին մէջ։
«Լեզուական վտանգը կը յայտնուի, երբ հաւաքականութիւն մը կ՚որոշէ, թէ իր լեզուն ձեւով մը ընկերային կամ տնտեսական խոչընդոտ է», կ՚ըսէ ան։
«Ամէնէն աւելի ծանր վտանգ կը դիմագրաւեն այն շրջանները, ուր նման յեղաշրջող մտայնութիւններ շարունակուած են սերունդէ սերունդ, հետեւաբար լեզուական բնաջնջումը գրեթէ ամբողջացած է»։
Երկու ուսումնասիրողները համաձայն են, թէ լեզուի մը գոյատեւումը ապահովելու միակ միջոցը 6 տարեկան մանուկներուն զգացնելն է, թէ արժէքաւոր է անիկա։
«Իրականութեան մէջ հակակշիռը ծնողներուն ձեռքը չէ, այլ մանուկներն են, որոնք ուժը ունին կայացնելու որոշում մը, որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ հաւաքականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ՝ անոր լեզուին ապագային», կ՚ըսէ Հերիսըն։
Այս ուսումնասիրողը կը պատմէ, թէ իրեն համար քաջալերական էր Աւստրալիոյ մէջ ունեցած մէկ փորձառութիւնը, երբ այլ ուսումնասիրողներու հետ հանդիպած էր 80ական տարիքի կնոջ մը, որ եաուուրու խօսող երեք անձերէն մէկն էր եւ քիչ գործածուող այս լեզուն կը սորվեցնէր դասարան մը լեցուն աշակերտներու։
«Մանուկները իրե՛նք որոշած էին հետեւիլ այս լեզուին դասընթացքին. ոչ ոք իրենց պարտադրած էր,- կը պատմէ Հերիսըն։ – Երբ անոնց հարցուցինք, թէ ինչո՞ւ կը սորվէին այս լեզուն, անոնք պատասխանեցին. ասիկա մեռնող լեզու մըն է, պէտք է զայն սորվինք»։
Դասը կը վերաբերէր բուսատեսակներու, որոնք բժշկական յատկանշական նպատակներու կը ծառայեն Աւստրալիոյ բնիկներուն մշակոյթին մէջ։
«Տարեց կինը բոյսերը կը ճօճէր մանուկներուն դիմաց, անոնց մասին բան մը կ՚ըսէր իր լեզուով, եւ մանուկները կը կրկնէին զայն», կը յիշէ Հերիսըն։
«Հրաշալի էր գիտութեան փոխանցումի այս պահուն ականատես դառնալը,- կ՚ըսէ ան։ – Ասիկա խորապէս ներշնչեց մեզ»։