ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

«Կամաւոր ամլութիւնը մեղք մըն է, որուն պատիժը պետութեան մահն է», նախագահական իր ուղերձներէն մէկուն մէջ ըսած է Ամերիկայի նախագահ Թէոտոր Ռուզվէլթ: Այդպիսի անհեռատես քաղաքականութիւն մը որդեգրած էր Չինաստան, երբ 1970ականներու վերջաւորութեան պարտադրած էր «մէկ ընտանիք-մէկ զաւակ» պետական որոշումը, որ 2000ականներու սկիզբէն ի վեր պատճառ դարձաւ ժողովրդագրական չնախատեսուած ճգնաժամի մը՝ հասնելէ ետք տնտեսական աննախընթաց բարգաւաճման: Ինչպէս բոլոր երկիրներու պարագային, Չինաստանի մէջ առողջապահութեան մակարդակի բարձրացումը յառաջացուց կեանքի տեւողութեան երկարացում, որ յիշեալ օրէնքին պատճառով, երկրին մէջ գոյացուց թոշակառուներու հսկայ բանակ մը, իսկ միւս կողմէ, զանոնք խնամելու եւ պահելու անհրաժեշտ, համեմատաբար փոքրաթիւ աշխատող ձեռքեր, որոնք իրենց կարգին պիտի թուլացնէին մինչ այդ արձանագրուած տնտեսական բարգաւաճման մակարդակը եւ պատճառէին ներքին համախառն արտադրութեան նուազում:
Ն. Ք. 47 թուականին, Յուլիոս կայսրի օրերուն, հռոմէական կայսրութիւնը կը տարածուէր Սպանիայէն մինչեւ Յունաստան եւ դէպի հիւսիս, մինչեւ Ֆրանսայի Նորմանտի շրջանը, իսկ հարաւը՝ ամբողջ Միջերկրական ծովու աւազանի երկիրները: Այդ ընդարձակ տարածքի բնակչութիւնը, որ այսօր կ՛ընդգրկէ առաւել քան երեսուն երկիրներ, կը հաշուէր մօտաւորապէս 50 միլիոն մարդ, երբ աշխարհի ընդհանուր բնակչութիւնը կը գնահատուէր 250 միլիոնով: 18 դարեր ետք, 1800ականներու սկիզբը, աշխարհի բնակչութիւնը աճած էր՝ հասնելով գրեթէ 1 միլիառի: Այդ երկար դարերուն ընթացքին, նորածիններու մահացութեան բարձր տոկոսը, բժշկութեան թերզարգացած ըլլալու փաստը՝ արդի ժամանակներուն հետ բաղդատած, սովը, համաճարակները, պատերազմները եւ անոնց ընկերացող ջարդերը, մարդկութեան աճը արգելակող ազդակներ էին: Միայն Անգլիոյ մէջ մեկնարկած ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն ետքն էր, որ գիտութիւններու եւ բժշկութեան զարգացման շնորհիւ, հետզհետէ մահացութեան մակարդակի նուազումով եւ կեանքի տեւողութեան երկարացումով, մարդկութիւնը 60 տարի անգամ մը կրկնապատկուեցաւ՝ հասնելով այսօրուան 8 միլիառին: Կը շարունակէ՞ մարդկութիւնը անկաշկանդ ձեւով աճիլ, թէ ուտելիք հայթայթելու մեր մոլորակին սահմանափակ կարողականութիւնը վերջապէս կը հակակշռէ բնական աճի անոր բնազդը:
Միւս կողմէ, կայ երեւոյթ մը, որ ի յայտ եկած է մասնաւորաբար վերջին կէս դարուն ընթացքին: Որքան երկրի մը բնակչութիւնը զարգանայ, սեռային խտրականութիւնը նուազի, կիները ուսման հետեւին, աշխատուժի շուկային մէջ ընդգրկուին, այնքան ուշ կ՛ամուսնանան, ուշ եւ քիչ զաւակներ ունենալու հակամէտ կ՛ըլլան, հետեւաբար՝ նոյնիսկ բնականոն բացարձակ աճը կը նուազի: Այդպէս է որ այսօր շատ զարգացած եւ զարգացող երկիրներու բնակչութիւնը կը նուազի, իսկ ժողովրդագրագէտները կը հաստատեն, թէ մոլորակի բնակչութիւնը այս դարու վերջաւորութեան պիտի դադրի աճ արձանագրելէ:
Փօլ Մորլենտ իր «The Human Tide» գիրքին մէջ կ՛ըսէ, թէ 1950-ին, իւրաքանչիւր 2-3 եւրոպացիի դիմաց կար մէկ անձ Ենթասահարայի (Sub-Sahara) մէջ, ուր ափրիկեան ցամաքամասի ամէնէն մարդաշատ եւ բազմացող երկիրները կան: Այսօր՝ 70 տարիներ ետք, նշեալ երկիրներուն բնակչութիւնը գերազանցէ մէկ միլիառը, մինչ Եւրոպայինը՝ ըստ ՄԱԿի 2018ի տուեալներուն, մօտաւորապէս 750 միլիոնը: Նուազեցման այս երեւոյթը միայն զարգացած երկիրներուն կամ արեւմուտքին յատուկ չէ. իրանցի իսլամ կինը ներկայիս, աւելի քիչ զաւակներ ունի, քան ֆրանսացի կինը եւ այս երեւոյթը հետզհետէ կը տարածուի միւս իսլամ եւ այլ երկիրներու մէջ: Բայց չէ՞ որ զարգացած երկրի մը համար կարեւոր է մնայուն տնտեսական աճը, որ իր կարգին ուղիղ յարաբերակցութեան մէջ է բնակչութեան քանակին, անոր աճին եւ միջին տարիքին, իսկ երկիրներու միջեւ մրցակցութիւնը նաեւ հիմնականին մէջ անոնց պատերազմի դաշտին վրայ մեծաթիւ բանակներ ունենալու կարողականութեան եւ ներուժին մէջ է, նախապատմական դարերէն սկսեալ, մինչեւ արդի ժամանակները, հակառակ գերարդիական սպառազինութեան տեսականիներուն: Ի զուր չէ, որ պրուսացի հրամանատար եւ ռազմական տեսաբան Քլաուզուիթ (Clausewitz) ըսած է, թէ բանակի մը քանակական գերակայութիւնը ընդհանրապէս յաղթանակի հիմնական պատճառն է, անշուշտ բացառութիւններ եղած են, սակայն անոնք աւելի շատ կը հիմնաւորեն այս տեսակէտը:
Գերմանիան՝ շնորհիւ իր մեծաթիւ զինուորներուն կրցաւ երկու ճակատներու վրայ նոյն ատեն պատերազմելու որոշում տալ, իսկ եթէ Ռուսիա Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք չ՛արձանագրէր բարձր ծնելիութեան մակարդակ, 20 տարիներ ետք պիտի չկարենար զինուորներու անվերջանալի ջոկատներ ռազմաճակատ ուղարկել՝ թէկուզ թերսնուած եւ նուազ պատրաստուածութեամբ, քան գերմանական բանակները եւ թերեւս Մոսկուան ալ ինկած ըլլար: Դաշնակից բանակները, մանաւանդ ամերիկացիներու Համաշխարհային պատերազմին միջամտելէն ետք, վերջապէս կրցան յաղթանակել եւ գերմանացիներուն անձնատուութիւն պարտադրել, պարզապէս որովհետեւ կրցան ռազմաճակատ ուղարկել 46 միլիոնի հասնող զինուորներ, ընդդէմ առանցքի երկիրներու 27 միլիոնին: Այստեղ կ՛արժէ յիշել Ռոժէ Ռապիւթէն տը Պիւսի կոմսը (Roger Rabutin comte de Bussy), որ ըսած էր թէ «Աստուած մեծ վաշտերու կողմնակից է»:
Հայաստանի ժողովուրդը, դժբախտաբար սեղմուած թրքական զոյգ պետութիւններուն միջեւ, կտրուած արտաքին աշխարհին կապուելու ծովային ճանապարհներէ, դարերէ ի վեր ենթարկուած ըլլալով մարդկութիւնը պատուհասած բոլոր տեսակի աղէտներու՝ բնականաբար ժողովրդագրական յիշատակելի աճ պիտի չունենար, ընդհակառակը՝ տեւաբար պիտի դիմէր արտագաղթի դէպի ուր կարելի էր, ինչպէս շատ այլ ժողովուրդներ, որոնք դէմ յանդիման եկած են այդպիսի աղէտներու: Վերջապէս, ամերիկեան ցամաքամասը, Աւստրալիան եւ Նոր Զելանտան բնակեցուած էին աշխարհի բոլոր երկիրներէն գաղթականներով, որոնք սկզբնական ժամանակաշրջանին ապաստան գտած էին մասնաւորաբար Անգլիայէն, ապա Իրլանտայէն, Սկովտիայէն եւ այլ եւրոպական երկիրներէ, փախչելով իրենց հայրենիքները հարուածած աղքատութենէն, պատերազմներէն եւ սովէն, ինչպէս՝ Իրլանտան հարուածած սովերը (Great Irish famines), նաեւ՝ ափրիկէէն տարուած սեւամորթ ստրուկներով եւ այլն, ապա աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած աւելի բարօր կեանք փնտռողներով:
Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը եթէ բաղդատենք մեր հարեւաններէն միայն Ատրպէյճանի հետ, որուն հետ վերջին պատերազմը աղէտի վերածուեցաւ, ըստ ՄԱԿի տուեալներուն, 1991էն մինչեւ այսօր, մենք ունեցած ենք տարեկան մինչեւ 50,000 բնակչութեան նուազում, որ հետեւանք է ծնելիութեան ցած մակարդակին (անհրաժեշտ 2.1-ի փոխարէն 1.6 ), մինչ Ատրպէյճան ներկայիս իր տասը միլիոն բնակչութեամբ, տարեկան մօտաւորապէս 50,000 աճ արձանագրած է, եւ միայն վերջին երկու տարիներուն է, որ կայուն եղած է ծնելութեան մակարդակը՝ իջնելով 1.96-2.0ի:
Ժողովրդագրական այս տխուր պատկերը փաստ է Հայաստանի բառացի մարդաթափման (depopulation): ԺԴ. դարուն ապրած թունուզցի արաբ պատմաբան եւ ժողովրդագրագէտ իպն Խալտուն ըսած էր, թէ մարդաթափութիւնը կ՛առաջնորդէ ամայութեան (desolation) եւ քաղաքակրթութեան հակադարձութեան (reversal of civilization):
Երկրի մը զարգացման համար անհրաժեշտ երեք գործօնները՝ ծնելութեան մակարդակ, մահեր եւ գաղթ, Հայաստանի պարագային բացասական պատկեր մը կը ներկայացնեն: Բնական աճը բացասական է, մինչ մահերու թիւը բարձր է՝ պատերազմական անվերջանալի դրութեան եւ առողջապահութեան նկատմամբ հասարակութեան անտարբերութեան պատճառով եւ վերջապէս գաղթը՝ ուղղակի պատճառ՝ պատերազմին եւ անոր առթած տնտեսական դժուարութիւններուն:
Այս երեք յիշատակուած գործօններով երկիրներ ընդհանրապէս յառաջացուցած կ՛ըլլան պատերազմներու մէջ պարտութեան աaնընդունելիութեան մշակոյթը, որուն վառ օրինակը Իսրայէլն է: Հայութիւնը այդ մշակոյթը երբեք չունեցաւ, ընդհակառակը՝ միշտ համակերպեցաւ կացութեան եւ նահանջեց:
Նոր իրավիճակ մը կայ հիմա եւ կը գտնուինք դէմ յանդիման կացութեան մը, երբ այդ երեք բացասական գործօնները սրբագրելու եւ դրականի վերածելու պարտադրանքին առջեւ ենք. անոր համար առաջնահերթ է խաղաղութեան շատ դժուար ամրապնդումը եւ հաստատումը: Կը հասնի՞նք արդեօք այդ ցանկալի իրադրութեան, ոչ ոք կրնայ կռահել, որովհետեւ անիկա միայն մեզմէ կախեալ չէ։ Սակայն, կարեւորը գիտակցիլն է, թէ արդեօք պատրա՞ստ ենք խաղաղութեան, որովհետեւ խաղաղութեան եւ յաջորդ պատերազմին միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը աւելի դժուար է, քան՝ բուն պատերազմը:
Հետեւողական, նպատակասլաց արարելու, անդուլ կերպով զարգանալու եւ հզօր երկրի մը վերածուելու ձախողութիւնը բազմիցս կը վկայէ մեր պատմութիւնը:
Ճիշդ ա՛յդ խաղաղութեան համար պէտք է պատրաստուիլ: