ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսայի ներքին գործոց եւ անդրծովեան տարածքներու նախարար Ժերալտ Տարմանէն խստօրէն դատապարտեց Պաքուի «չափազանց վնասակար միջամտութիւնը»՝ Նոր Գալետոնիոյ եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան յուշագիրի մը ստորագրութենէն յետոյ։
Նոր Գալետոնիա կը հանդիսանայ ֆրանսական տարածք մը, որ կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ։
«Ինծի համար ակնյայտ չէր, որ Ատրպէյճան տնտեսական, քաղաքական, մշակութային կամ մարզական հետաքրքրութիւններ ունի հարաւային Խաղաղական ովկիանոսին մէջ», հեգնանքով նշեց Տարմանէն՝ աւելցնելով. «Պաքու կը փորձէ օգտագործել Գալետոնիոյ հարցը՝ հակադարձելու համար հայերուն ցուցաբերուող պաշտպանութեան եւ մշուշապատելու համար Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած հայոց ջարդերը»։
Ակնարկելով վերոնշեալ յուշագիրին եւ այդպիսի այլ փաստաթուղթերու՝ Տարմանէն յայտնեց թէ ինք կ՛ափսոսայ, որ գալետոնիացի որոշ անկախապաշտներ «Ատրպէյճանը կը տեսնեն իբրեւ փրկութեան լաստ»։