Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր 51րդ նիստին ընթացքին Գեղամ արք. Խաչերեանը ընտրեց իբրեւ թեմակալ առաջնորդ։ Այս առիթով, ժողովին դիւանը պաշտօնական նամակով մը ընտրութեան արդիւնքները փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ խնդրեց անոր վաւերացումը։ Կաթողիկոսը հայրապետական պաշտօնագիրի մը միջոցով իր օրհնութիւնը տուաւ ժողովական անդամներուն եւ վաւերացուց սրբազանին ընտրութիւնը։
Գեղամ սրբազանը նախապէս առաջնորդն էր Յունաստանի Հայոց թեմին, որմէ առաջ իբրեւ առաջնորդ ծառայած էր Լիբանանի Հայոց թեմին։ Սրբազանը տարբեր պարտականութիւններ եւ պաշտօններ ստանձնած է, ինչպէս՝ Դպրեվանքի հսկիչ, մատակարարապետ, ազգային վարժարաններու մէջ կրօնի եւ հայագիտութեան ուսուցիչ։ Գեղամ սրբազանը 2017ին ստացած է իրաւաբանական ճիւղի մագիստրոսի աստիճանը, Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանէն։ Ունի հայերէնով եւ արաբերէնով հրատարակութիւններ։