

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Օր մը, պէտք էր, որ գրէի այդ երկուքին մասին: Հայը եւ հեղեղը… Չ՞է որ, յաճախ, հայուն արտասուքը եղաւ հեղեղ, մեր ազգը լողաց մեղքերու հեղեղի մէջ եւ դար մը առաջ հեղեղեցաւ անոր արիւնը: Բայց եղան նաեւ գարնան ջերմ օրեր՝ թէեւ սակաւաթիւ՝ շուշաններու, եւ կակաչներու կարմիր հեղեղներ փրփրեցան հայրենի դաշտերուն վրայ, եղան ուրախ օրեր՝ երգի եւ ծիծաղի հեղեղներ թափեցան հայու շրթներէն: Յարգելի ընթերցող, երբ «հեղեղ» բառի յորդառատ պատմութիւնը գրի առնել որոշեցի, միտքիս մէջ վարարեցաւ հարցումներու հեղեղ մը. այս բառը, մտածեցի, մեր լեզուին մէջ առաջին անգամ ե՞րբ սկսաւ հոսելու, մեր գրականութեան բաւական ընդարձակ դաշտին մէջ ինչպէ՞ս գտաւ իր հունը եւ վերջապէս, ո՞ր հեղինակները անոր արագընթացին մէջ նաւարկելու համարձակութիւնը ունեցան: Այս հարցումներուն պատասխանները որոնելու համար, նաւարկեցի «հեղեղ» բառի հակառակ ուղղութեամբ, հասայ անոր պատմական ակունքներուն եւ ձեզի համար, յարգելի ընթերցող, յայտնաբերեցի անոր գեղաձայն գլգլուքները, եւ այդ բոլորը համադրեցի այս խաղաղ յօդուածին մէջ:
ԿԱԹԻԼ ԱՌ ԿԱԹԻԼ
Ի սկզբանէ էր «հեղ» արմատը, հեղեղի առաջին կաթիլը: Հեղ առ հեղ, բառը դարձաւ հեղեղ, ապա 5րդ դարուն, Ագաթանգեղոսի շնորհիւ, անիկա եղաւ հեղեղամած եւ հեղեղասաստ, 6րդ դարուն՝ հեղեղաբար, 8րդ դարուն՝ հեղեղագնաց եւ հեղեղական, 10րդ դարուն՝ հեղեղատք եւ հեղեղատել, վերջապէս՝ 11րդ դարուն՝ հեղեղիլ: Միջնադարուն այս բառերով ի՜նչ խօսքեր չկազմեցինք. «Հեղեղասաստ ծովապատիժ», «Հեղեղագնաց կենցաղ», «Հեղեղատք արեան», «Արտօսր յորդառատս ՛ի վայր հեղեղատելով»… 11րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացին լողաց մեղքերու ծովու մէջ եւ իր մատեանին մէջ ըսաւ. «Գետովք մեղանաց արեան հեղեղիմ»: Ապա զղջաց եւ աչքերէն հոսեցան՝ «հեղեղք արտասուաց»: Գրաբարախօս մեր նախահայրերը բառս գործածեցին մտաւոր այլ պատկերներ արտայայտելու համար, ինչպէս՝ «Հեղեղ հրոյ», «Հեղեղ մարդկան», եւ բոլորին մէջ ամէնէն քնարականը եւ յուզիչը՝ «Հոսէին արտասուք իբրեւ զհեղեղ»: Օր մը մէկ այլ հեղեղ, աւերիչ, եկաւ Հայաստան, 1285 թուականին, եւ յիշատակարան մը սարսափով նկարագրեց այդ հեղեղը. «Գերփիչ եւ աւերիչ հեղեղ զօրացն, որ Մուղալ կոչ»ջ:
ԱՆՈՅՇ ՀԵՂԵՂՆԵՐ
«Հեղեղ» բառը, հակառակ իր ահեղ տեսքին, հայ բանաստեղծին տուաւ մեղմ եւ քաղցր հոսանքի մը տպաւորութիւնը: Փափկասիրտ այդ բանաստեղծներու առաջիններէն էր Ղունկիանոս Կարնեցին: Աճէմ Յարութիւնի եւ Սրմա Խաթունի տան մէջ, 1781ին ծնած բանաստեղծը, Կարինէն ճամբայ ելաւ եւ՝ ո՞ւր չճամբորդեց. Թաւրիզ, Լիբանան, Եգիպտոս, Հալէպ, Ղրիմ, Հայաստանի Լոռու մարզը, մէկէ աւելի անգամներ Պոլիս, եւ վերջապէս Կովկաս՝ Ախալցխա, ուր մահացաւ: Արեւմտահայերէն գրած աշուղը յայտնի է Մարիամ Աստուածածնին նուիրուած երգերով: Կեանքի դառն բաժակը ցմրուր քամած Ղունկիանոսը – սրտակէզ մարդ – ծարաւ մնաց սիրոյն, ընտանիքին եւ հայրենիքին, այդ պատճառով ալ գրեց խնդրական երգ մը՝ ուղղուած Աստուածամօր, ուր՝ զովացուցիչ ջուրի հեղեղն իսկ անոյշ է. «Անոյշ հեղեղներէն, պաղ աղբիւրներէն, / Կենարար ձեռքովդ Մայր Սուրբ ջուր մը տուր»:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՀԵՂԵՂԸ
20րդ դարուն «հեղեղ» բառը դարձաւ իմաստուն: Համօ Սահեանի համար կեանքը հեղեղ մըն էր. «Ի՞նչ է մնում: Մի յոգնած ալիք է մնում / Քո կանաչ-կարմիր հեղեղից… / Մի մամռած տարիք է մնում»: Նոյն քերթողն էր, որ Սիւնիքի դաշտերուն մէջ, գարնան ջերմ օր մը ականատես եղաւ գունագեղ եւ բուրումնալից հեղեղի մը եւ անմիջապէս գրեց. «Ծաղկունքի հեղեղ է փրփրում»: «Հեղեղ» բառով իմաստասիրած մէկ այլ բանաստեղծ էր Պարոյր Սեւակը: Ըստ անոր, ստեղծագործ հայը ունէր ազգային իւրայատուկ նկարագիր. «Իմ հա՛յ ժողովուրդ, դու փոքր ես եղել, / Աղբի՜ւր ես եղել եւ ո՛չ թէ հեղեղ»: Ապա, բանաստեղծը խօսեցաւ հայու ապագային մասին. «Ինչպէս լեռներից յորդացող հեղեղ՝ / Այդ մենք ենք գալիս»:
ՎԱՐՍԵՐՈՒԴ ՀԵՂԵՂԸ
Օր մը, բանաստեղծը ի՛նք դարձաւ հեղեղ՝ զգացումներու, ցաւերու, պոռթկումներու… Առաջինը Պետրոս Դուրեանն էր, որ նամակ մը գրեց ընկերոջ ու ըսաւ. «Եղբայր իմ, Ձեր սիրալիր տողերուն փոխարէն՝ աստղերու հեղեղ մը կու տամ սրտէս… Օրհնեա՜լ ըլլաք, որ կ՛ուզէք սրտէս դուրս հեղեղել թանձրամած սուգը»: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը ըսաւ, որ Ղեւոնդ Ալիշանն էր հեղեղը. «Մերթ դու հեղեղ ուղղահոս»: Իսկ Արշակ Չօպանեանը նամակ ստացաւ Կանտ քաղաքէն: Համալսարանի ուսանող Դանիէլ Վարուժանն էր հեղինակը. «Սիրելի պ. Չօպանեան, Երբ ես այս նամակս կը գրեմ, հաւանական է, որ Դուք Պոլիս էք, Վոսփորի ափին, «Չամլըճայի զեփիւռին» յանձնած Ձեր մազերը եւ Ձեր երազները բոցաերիզ… Պիտ՛ սկսիմ ասկէ վերջ լոկ կեանքէ գրել, ահագին հեղեղ մը կայ ներսս… Ցտեսութիւն, Սիրալիր ողջոյններով, Ձերդ՝ Դ. Վարուժան, D. Tchiboukkear, rue Benard 31, Gand»: Նոյն Չպուքքարեանն է, որ «Հարճը» քերթուածին մէջ բոցաշունչ տենչանքի քառասմբակ հեղեղներ պիտի արձակէր Շիրակի դաշտերուն մէջ: Ահա այդ ասպետական երկէն քանի մը պատկեր. «Հեղեղ մ՛յանկարծ վարդերու», «Հեղեղներով ճաճանչ»ջ, «Մանեակ մը լոյսերով հեղեղուկ», «Հեղեղին հետ վարսերուն», «Հեղեղին մէջ մազերուդ փակէ աչքերդ»: Իսկ երբ ասպետական օրերու երազէն հայրենի դաշտեր վերադարձաւն բանաստեղծը փափաքեցաւ մէկ այլ հեղեղ տեսնել՝ ցորենի, հացի, նշխարի հեղեղ. «Հունձք: Քա՜ղցր է լողալ յամառօրէն որաներուն մէջէն հեղեղ… Հովիտին մէջ հեղեղներ կան»:
ՔՆԱՐԱԿԱՆ ՀԵՂԵՂ ԼՈՅՍԻ
Քնարերգակ գրիչներու համար «հեղեղ» բառը երբեք սպառնալիք մը չէր եղած: Անոնք լաւատեսութեան հեղեղով մը գրի առին յուզումնալից տողեր: «Ամիրային Աղջիկը» վէպին մէջ, Երուխանը նայեցաւ հեռաւոր ծառերուն եւ խաւարի մէջէն տեսաւ «լոյսի ակնախտիղ հեղեղ մը»: Մահամերձ Մատթէոս Զարիֆեանը, Փրինքիփօ կղզիի նոճիներու շուքին տակ նստած՝ Պոլսոյ վրայ իջնող գիշերամուտը դիտեց. «Օ արցո՛ւնք է, գիտեմ, հեղեղ մ՛արցունք է… Իրաւ, իրաւ, երա՜զ է…»:
ԿԱՐՄԻՐ ՀԵՂԵՂ
Բայց, փոխանակ ցորենի, երազներու, լոյսերու հեղեղին մէջ լողալու, կարմիր հեղեղ մը հոսեցաւ յանկարծ եւ՝ երկիրը ամայացաւ: Ռուբէն Սեւակի սիրտը վրէժի հեղեղող մը լեցուեցաւ, ու այդ զգացումը կոչեց՝ «Վայրագ հեղեղ»: Յակոբ Թէրզեանը օրօր մը գրեց, որպէսզի ամէն հայ մայր այդ տողերով դիեցնէ իր նորածինը. «Արի՜ւն- հեղեղ յորդեց այս սուրբ ձորերէ, / Բայց չի փախիս, փարէ՛ երկրիդ, զայն սիրէ… Օրօ՜ր ըսեմ քնանաս»: Վարուժանը իր դաշտին վրայ, ակօսի մէջ, ամառ օր սպաննուած մշակը դիտեց եւ ըսաւ. «Կարմի՜ր հեղեղ, սրտի ձորէն վար իջած, / Տափանն ու թին ներկելով / Կ՛երթայ գուղձերն ողողել»:
ՍԻՐՈՅ ՀԵՂԵՂՆԵՐ
Եթէ անցեալի կամ ներկայի յուսալքութիւնները հեղեղի պէս հոսին ձեր սրտին մէջ եւ ջրահեղձ ընեն ձեզ, ես, յարգելի ընթերցող, կ՛առաջարկեմ մխիթարութիւնը գտնել բանաստեղծութեան ջերմութեան մէջ: Օրինակ, կարդացէք Ռազմիկ Դաւոյեանը, որ պիտի առաջարկէ, որ դուք լսէք Պախ (կամ՝ Բախ), կամ մէկ այլ աստուածային շունչ, որ առագաստ դառնայ եւ ձեզ հեռացնէ վիշտ ու ցաւէն. «Դուրսը՝ թախծի հեղեղ, / ներսս՝ անհուն թախիծ.- / մէկը մի բան երգէր / աստուածային Բախից: / Գոնէ մի բան լինէր, / լոյսի մի ճառագայթ, / որ այդ թախծի ծովում / դառնար ինձ առագաստ»: Այսօր ալ ձեզի երգով մը հրաժեշտ տալու միտք ունիմ: Կը յիշէ՞ք Կարնեցի Ղունկիանոսը (Անոր անունը ի՞նչ կը նշանակէ… Լատինական է: Կը նշանակէ «լուսաւոր»): Անոր «Մայր սուրբ ջուր մը տուր» յայտնի բանաստեղծութիւնը, զոր յօդուածիս մէջ մէջբերեցի, երեքդարեան երգ է սիրուած: Այդ քաղցր երգի անդրանիկ քառեակը ամբողջութեամբ կը փափաքիմ արտատպել, իբրեւ սփոփիչ խօսքերու ազնիւ համադրութիւն: Իսկ դուք եթէ կը ցանկաք զայն լսել, «Սայաթ Նովա» մշակութային միութիւնը (հայաստանեան միութիւն, չշփոթել Պոլսոյ նոյնանուն երգչախումբին հետ) վայելչօրէն կատարած եւ տեղադրած է զայն համացանցի վրայ: Մինչեւ յաջորդ յօդուածս, մնացէք խաղաղ՝ վայելեցէք լոյսի եւ սիրոյ հեղեղներ.
«Ի վերին երկրէն, բուրաստաններէն,
Ծաղկալի դաշտերէն, վազած գետերէն,
Անոյշ հեղեղներէն, պաղ աղբիւրներէն,
Կենարար ձեռքովդ
Մայր Սուրբ,
ջուր մը տուր:
Ղունկիանոսին խմցու, լաւ մը զովացու,
Դեղ թափ մատունքովդ
Մայր Սուրբ,
ջուր մը տուր»: