Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնական համացանցային կայքը, տնօրինութեամբ առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի, հսկողութեամբ Ազգային վարչութեան, վերջին քանի մը ամիսներուն ենթարկուեցաւ հիմնական վերանորոգութեան եւ 18 Ապրիլին վերադարձաւ գործունէութեան՝ վերաթարմացած բովանդակութեամբ, բարձրորակ պատրաստութեամբ, աւելի գրաւիչ տեսքով եւ մատուցման նորատիպ եղանակով:
Կայքին վերանորոգութեան աշխատանքները բծախնդիր հետեւողականութեամբ իրականացուցին Արցախ քհնյ. Պատոյեան եւ Ալեքս սրկ. Գալայճեան, իսկ մասնագիտական կիրարկումը կատարեց Caspian Services ընկերութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Ազգային առաջնորդարանի վերաթարմացած կայքը կը գործէ նոյն հասցէով՝ www.westernprelacy.org: Ընթացքի մէջ է թարմացեալ նիւթերու տեղադրումը: