


ՀԻՒՍՆԻՒ ԿԻՒՐՊԷՅ
Հաստատ իրողութիւն է, թէ յոյներ, հայեր, քիւրտեր եւ ասորիներ իրենց բնօրրանի տեղացի ժողովուրդներն են: Անոնք ի դէմ բոլոր աւերներու, իրենց խոր հետքերը թողած են այդ հողերուն վրայ:
Ի. դարու սկիզբներուն, բազմազգի եւ բազմակրօն աշխարհագրութեան մը մէջ միազգանի պետութիւն մը հիմնելու նախաձեռնութիւնը ցաւալի հետեւանքներ ունեցած է: Ազգային պետութեան ծրագրի հեղինակները իրենց ռազմավարութիւնը կառուցած են երեք սիւներու վրայ.
Ա. Տարածաշրջանի քրիստոնեայ տարրերը, այսինքն յոյները, հայերը եւ ասորիները տեղ չունին այս նոր կազմին մէջ: Անոնք այս կամ այն եղանակով պիտի հեռացուին երկրի տարածքէն: Պիտի արտօնուի միայն հսկելի քանակով բնակչութեան մը գոյութիւնը պահել, որպէսզի ի պահանջել հարկին օգտագործուին իբրեւ պատանդ:
Բ. Ազգային ծագումը, մայրենին ինչ որ ալ ըլլայ, բոլոր մահմետական տարրերը պիտի ձուլուին սիւննի-հանեֆի դաւանանքի մէջ ու պիտի թրքանան:
Գ. Մահմետական համարուող բայց այս ձուլման քաղաքականութեան դիմադրող քրտախօսները կամ ալեւիները պիտի ենթարկուին ծանր ճնշումներու ու հալածանքներու: Անոնց կամքը պիտի կոտրուի մայրենի լեզուի, հաւատքի, մշակոյթի, արուեստական արտադրութիւններու խորտակումով ու պատուազրկութեամբ: Այսպէս, ժամանակի ընթացքին պիտի ապահովուի նաեւ իրենց այլասերումը: Փրոֆ. Պասքըն Օրան այս երրորդ տարբերակը կը բնութագրէ «խառն դրութիւն» եզրով ու կ՛ըսէ հետեւեալը՝. «Երբ ձուլման ռազմավարութիւնը ակնկալուած արդիւնքը չի տար, ապա կը գործադրուի ցեղային եւ կրօնական մաքրագործումը: Թուրք ազգային պետութիւնը, երբ յուսալքուեցաւ Տէրսիմի շրջանը այլասերելու իր նպատակին մէջ, գործադրեց 1937-1938 թուականներու կոտորածները եւ տարագրութիւնը»:
Կրօնական ու մշակութային ինչքերու խորտակումէն ամենածանր տուժածները եղան ղըզըլպաշ քիւրտերը: Պատճառաբանելով, թէ ղըզըլպաշները կը պաշտեն քարերուն, ծառերուն, ջուրին եւ բնութեան զանազան երեւոյթները, խորտակած են եւ կը շարունակեն խորտակել ղըզըլպաշներու ուխտավայրերը: Լուսանկարը վար ապացոյցն է այդ սրբապղծութեան:
Այս ժայրաբեկորը կը կոչուի Քալէ Սըփի եւ իրեն կը վերագրուի որոշ սրբութիւն: Կը յիշատակուի երեկոյեան աղօթքներու մէջ: Զաւակազուրկ կանայք կամ վիժում ապրածներ, տարեց ու այրի պառաւի մը առաջնորդութեամբ եօթ անգամ կը դառնան այս ժայրին շուրջ եւ աղօթքներ կ՛աղերսեն: Կ՛արիւնեն իրենց հետ բերած աքլորի բբուկը եւ «նիյազ» (կարագով խարկուած ու երկաթի վրայ խանծուած խմորեղէն) կը բաժնեն: Նկարը կ՛ապացուցէ ժայռի բեկանումը եւ գրառումներով կատարուած սրբապղծութիւնը:
Նման վայրագութեամբ արմատախիլ եղած են սրբավայր ըլլալով յարգուած բազմադարեան ծառեր եւս: Շատ աւելի ծանր է գերեզմաններու վիճակը:
Նոյնը պատահած է հայոց եկեղեցիներու, մատուռներու, վանքերու կամ գերեզմաններու համար: Իսթանպուլէ դուրս բաւականին քիչ են մեր օրերուն հասած հայկական պատմամշակութային կառոյցները: Մնացածներն ալ կ՛օգտագործուին իբրեւ ախոռ կամ յարդանոց:
Կը նկատենք, թէ առաջին հերթին վնասուածները կրօնական շինութիւններ են: Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ հանրապետութեան փորձով գիտենք, թէ հասարակութեան մը կրօնական ոչնչացումին կը յաջորդէ լեզուական ոչնչացումը: Այդ իսկ պատճառաւ պետութեան կրօնական հակումներուն հակասող բոլոր սրբութիւնները պիտի խորտակուին: Այս հաստատումը ի զօրու է ոչ միայն քրիստոնեայ հաւատքին, այլ ալեւի կամ եզիտիներու պարագային ալ: Եթէ նպատակադրուած է ժողովուրդներուն պետութեան նախապատուութիւն տուած հաւատքին մէջ ձուլուիլը, բնականաբար պէտք է աւերուին անարժան համարուած հաւատի սրբավայրերը: Այս հասկացողութիւնը պետութեան անգիր բայց պաշտօնական քաղաքականութիւնն է:
Ժողովուրդներու պատմութիւնը, մշակութային արժէքները եւ հաւատքի վայրերը ՄԱԿի եւ անոր մշակութային կազմակերպութիւնը հանդիսացող ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ երաշխաւորուած են: Այդ երաշխիքին ամրագրած համաձայնութեան մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը: Ուրեմն խորտակումը, որ կը շարունակուի այդ երաշխիքով հանդերձ շատ աւելի լուրջ խնդիր մըն է եւ նիւթ կը դառնայ միջազգային յանցագործութեան: Արդեօք կարելի՞ է այդ սրբութիւններու նկատմամբ անհանդուրժող գտնուողները քաղաքակիրթ աշխարհի պատուաւոր մէկ անդամը համարել: Երկիրներ կամ հանդուրժողական եւ ժողովրդավարական հասկացողութեան մը պիտի հետեւին եւ մասնիկը պիտի ըլլան քաղաքակիրթ աշխարհին կամ ալ թալիպաններու նման պիտի մատնուին միջնադարեան խաւարին:
Ի դէմ այս բոլորին, Թուրքիոյ տեղացի, բնիկ ժողովուրդները կարծես այս օրերը նախատեսած ըլլան եւ որպէս կանխամիջոց, իրենց հետքերը թողեր են անհասանելի բարձունքներու կամ խիտ անտառապատ տարածքներու վրայ: Կարծես այսպէսով աղաղակած կ՛ըլլան՝ «Հոս էինք, հոս կ՛ապրէինք» ըսելով: Ներքեւի նկարին մէջ կը տեսնենք Քիղը եւ Տէրսիմի Փիւլիւմիւր գաւառի միջեւ անտառածածկ տարածքի մը վրայ ժայռափոր յուշարձանները: Դիտումնաւոր կերպով կը խուսափիմ այդ վայր աւելի յստակ նկարագրելէ:
Յատկապէս անոնցմէ մէկը հսկայ ժայռի մը գագաթնամասի տաշուելով ձեւաւորուած է, որուն կեդրոնին հսկայ խաչ մը փորագրուած: Կողքին կը նկատուի նաեւ աւելի փոքր չորս խաչեր: Որեւէ գրութեան չեմ հանդիպած: Այս հսկայ ժայռի արեւմտեան հատուածին աւելի փոքր խաչքար մը եւս կը նկատուի: