Շաբաթ, 23 Մարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի ներկայացուցիչները՝ Վանիկ Տագէսեան (ՍԴՀԿ), Յակոբ Բագրատունի (ՀՅԴ) եւ բժիշկ Աւետիս Տագէսեան (ՌԱԿ)։
Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները վեհափառին պարզեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ ամեակին առիթով քաղաքական երեք կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք աշխատանքները եւ ժողովրդային ձեռնարկները։
Կաթողիկոսը ողջունեց միջկուսակցական գործակցութիւնը, յատկապէս համահայկական եւ համայնքային հարցերու ու նախաձեռնութիւններու գծով։ Ան շեշտեց լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը Ապրիլ 24ի առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցական եւ ժողովրդային հաւաքներուն՝ ցոյց տալու մեր շրջապատին ու յատկապէս ցեղասպաններուն, մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքը եւ պահանջատիրական աննկուն ոգին։