Հինգշաբթի, 21 Մարտի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան այցելեց Փասատինայի Լ. եւ Յ. Թաւլեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզը եւ զատկական տրամադրութիւններով շրջեցաւ կառոյցի բոլոր դասարանները, խորհրդակցեցաւ կառոյցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի անդամներուն հետ, նաեւ ծանօթացաւ անոնց աշխատանքին ու հետագայ ծրագիրներուն:
Մանկամսուրի մանուկներուն հետ զրոյցի պահուն, հայր սուրբը բոլորին փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր Ս. Զատկուան օրհնութիւնները եւ սրտագին բարեմաղթութիւնները:


