
Կազմակերպութեամբ «Սարդարապատ» գրատան եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին, Շաբաթ, 6 Ապրիլին, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ մանուկներու յատուկ պատմասացութեան ձեռնարկ մը՝ առաջնորդութեամբ Թամար Քասարճեանի, որ նաեւ պիտի ներկայացնէ իր նոր հատորը։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Սարդարապատ» գրատան մէջ, որուն հասցէն է՝ 211 W Chestnut St, Glendale, CA 91204։