Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղարութիւնը Հայաստանի անդամակցութիւնը կասեցնելու գծով Երեւանէն պաշտօնական յայտարարութիւններ չէ ստացած։ «Թասս»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարեց ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով:
«Երեւան իսկապէս վերջին շրջանին չէ մասնակցած ՀԱՊԿի քարտուղարութեան աշխատանքներուն: Ասիկա Հայաստանի որոշումն է, եւ մենք՝ իբրեւ միջազգային կազմակերպութիւն, կը յարգենք ինքնիշխան պետութեան մը որեւէ որոշում: Այնուամենայնիւ, կազմակերպութեան գործունէութիւնը կը շարունակուի իր ամբողջ ծաւալով», ըսաւ Թասմակամպեթով ՝ աւելցնելով, որ կառոյցին մէջ տրուած եւ տրուող որոշումներուն մասին քարտուղարութիւնը պարբերաբար տեղեակ կը պահէ Երեւանը:
«Հակառակ Հայաստանի վերնախաւէն հնչող մտահոգութիւններուն` ՀԱՊԿը երկրի ղեկավարութեան քաղաքական սթափութեան յոյս ունի», ընդգծեց Թասմակամպեթով ` շեշտելով. «Հայաստան կը մնայ մեր դաշնակիցը»: