Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բացուած է եւ երկու ժողովուրդներուն յոյս կը ներշնչէ ու անոնց առջեւ կը բացուին փոխշահաւէտ համագործակցութեան մեծ կարելիութիւններ, կը հաղորդէ «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը:
«Ատրպէյճան կարեւոր տեղ կը գրաւէ Իրանի դրացնութեան քաղաքականութեան մէջ, եւ երկու ժողովուրդները, դրացիական եւ պատմական կապերէն բացի, ունին նաեւ ընտանեկան կապեր», ըսաւ Ապտոլլահեան: