Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան Հոլանտա կատարած աշխատանքային իր այցելութեան ծիրին մէջ, 5 Մարտին, Հաաքայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային քրէական դատարանի դատախազ Քարիմ Խանի հետ: Վերջինս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրամանը արձակած դատախազն է:
Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէ, որ Հայաստան այս տարուան 1 Փետրուարէն սկսեալ դարձաւ Միջազգային քրէական դատարանի անդամ` ըլլալով Հռոմի կանոնադրութեան միացած 124րդ մասնակից պետութիւնը, իսկ 19րդը՝ Արեւելեան Եւրոպայի խումբէն:
Վարդապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց Խանին հանդիպման պատրաստակամութեան համար եւ ընդգծեց, որ հանդիպումը պիտի նպաստէ Միջազգային քրէական դատարանին հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ապահովելուն, ներպետական ընթացակարգերու վերանայման ու զանոնք կանոնադրութեան դրոյթներուն համապատասխանեցնելուն: Քննարկուեցան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։