«Սի.Էն.Էն.-Թուրք»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու հայ բանագնաց, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ըսաւ, որ Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման։
«Սի.Էն.Էն.-Թուրք»ը ընդգծեց Ռուբինեանի յայտարարութիւններու ուշագրաւ կէտերը` Թուրքիոյ սահմանի բացում երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար, պատրաստակամութիւն՝ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման:
Ռուբինեան Անթալիա կը գտնուի դիւանագիտական ֆորումի ծիրին մէջ:
Ասոր զուգահեռ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու գծով Թուրքիոյ բանագնաց Սերտար Քըլըչ ըսաւ, որ Հայաստան եւ Թուրքիա որոշած են յարաբերութիւններու կարգաւորման համար յաջորդ հանդիպում մը ունենալ, սակայն թուականին եւ վայրին շուրջ համաձայնութիւն տակաւին չէ տրուած: «Հանդիպում պիտի ըլլայ, մենք որոշում տուած ենք, պիտի որոշենք օրն ու վայրը», դիտել տուաւ ան։
Երկու երկիրներու ներկայացուցիչները վերջին անգամ Յունիս 2022ին հանդիպում ունեցան: