Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի կառավարութեան նիստին հրապարակաւ իրաւապահներու գործողութիւններէն դժգոհող տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան 14 Փետրուարին յայտնեց, որ ինք կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Ան պատճառներուն մասին չխօսեցաւ, միայն «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ յայտարարեց, որ պաշտօնէն հեռանալու փափաք ունեցած է նախորդ երեք տարիներուն:
«Ստացուեց այնպէս, որ ես էկոնոմիկայի նախարարի պաշտօնում այլեւս չեմ ծառայելու ձեզ: Այս ժամանակահատուածում բազմաթիւ անհամաձայնութիւնների պատճառով բազմիցս ուզեցել եմ լքել այս աշխատանքը, սակայն ստորադասել եմ իմ անձը, որպէսզի առաւելագոյնի հասցնեմ իմ ծառայութեան արժէքը իմ երկրին», գրած է ան։
Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ նախագահին հրամանագիրով ընդունած է անոր հրաժարականը։