ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2007ի առաջին կիսամեակի արդիւնքներով, 449ով կրճատուած է արձանագրուած յանցագործութիւններու թիւը եւ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 4823ի դիմաց կազմած 4374: Արձանագրուած յանցագործութիւններէն չէ բացայայտուած 671ը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 532ի դիմաց: Այս մասին նշուեցաւ գլխաւոր դատախազութեան անձնակազմի Յուլիս 25ի ընդլայնուած նիստի ընթացքին:
2007ի առաջին կիսամեակի տուեալներով, արձանագրուած է 37 սպանութիւն (նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 38ի դիմաց), 18 սպանութեան փորձ (նախորդ տարի արձանագրուած է 20 սպանութեան փորձ), չէ բացայայտուած 6 սպանութիւն՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին չեն բացայայտուած 2 գործեր:
Հաշուետու ժամանակին հանրային ապահովութեան, բնակչութեան առողջութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները պակսած են 127ով եւ կազմած 945, որոնցմէ չեն բացայայտուած 75ը: 4ով պակսած են թմրեցուցիչի ապօրինի շրջանառութեան գործերը եւ կազմած 275, որոնցմէ 31ը չէ բացայայտուած: