Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքի կացարանին կից տեղադրուած տնակին մէջ, 6 Փետրուարին, տակաւին չպարզուած հանգամանքներու մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով մահացաւ պահեստազօրային Արթուր Վարուժանի Գրիգորեան (1985ի ծնունդ):
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հրդեհը կարելի եղած է մարել։ Այլ տուժողներ չկան:
Ըստ աղբիւրին` դէպքին հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վշտակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնեց պահեստազօրայինի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն: