ՀՅԴ Մամլոյ դիւանէն կը տեղեկացնեն, որ 6 Փետրուար 2024ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեանի ներկայութեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի պետական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութեան, արցախահայերու Արցախ վերադարձի եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայաստանի մէջ արցախահայերու ընկերային-տնտեսական եւ իրաւական վիճակին ու մարդասիրական օժանդակութիւններու վերաբերող հարցեր:
Շահրամանեան ներկայացուց Արցախի կարգավիճակին եւ յառաջիկայ քայլերուն վերաբերող իր պատկերացումները:
Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքներուն:
Նշենք, որ որոշուեցաւ շարունակել հանդիպումները։