Մեծի Տանն Կիոիկիոյ կաթողիկոսութեան աւանդութեան համաձայն՝ ամէն տարի Փետրուար ամսուան առաջին Կիրակին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի կ՛ունենայ հոգեհանգստեան կարգ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայրապետական դարաւոր ու պատմական Ս. Աթոռին հայրապետներուն եւ միաբան հայրերուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Արդարեւ, Կիրակի, 4 Փետրուարին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, միաբան հայրերէ, դպրեվանեցիներէ եւ հաւատացեալներէ կազմուած Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Մայր տաճարին կից գտնուող Զարեհեան միաբանական յուշարձան-դամբարանը, ուր կաթողիկոսին նախագահութեամբ, յատուկ հանդիսաւորութեամբ՝ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ կաթողիկոսներու եւ միաբան հայրերու հոգիներուն համար։