Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուեցաւ Հայաստանէն սահմանը ապօրինի կերպով հատած Չեխիոյ քաղաքացի մը։ Լուրը հաղորդեց «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
Չեխիոյ քաղաքացին, որուն անունը չէ հրապարակուած, ձերբակալուեցաւ Հայաստանի հետ սահմանային գօտիի անցակէտերէն մէկուն մէջ: Ան հատած էր սահմանը Հայաստանէն եւ անցած սահմանի ատրպէյճանական կողմը գտնուող` «հայերուն կողմէ ականապատուած տարածքով»:
«Հարց կը ծագի, թէ ան ինչպէ՛ս կրցած է անվնաս անցնիլ ոչ միայն հայկական դիրքերուն, այլ՝ նաեւ ականապատ տարածքէն», կը նշէ «Թրենտ»ը:
Ատրպէյճան միջադէպին մասին արդէն տեղեակ պահեց Չեխիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւնները:
Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը առայժմ զերծ կը մնայ մեկնաբանութիւններէ, մինչ տակաւին քննութիւն կը կատարուի:
Հայաստանի մօտ Չեխիոյ դեսպան Փեթր Փիրունչիք «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին միայն յայտնեց, որ դէպքը ոչ մէկ առնչութիւն ունի Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ոեւէ անդամի հետ, ինչպէս առանց յստակ աղբիւրի մը յղում կատարելու պնդած էին ատրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներ: Այդպիսի պնդում մը, օրինակ, «Մինվալ»ը կատարած էր:
Ըստ «Թրենտ»ի՝ Ատրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութիւնները հետաքննութիւն կը կատարեն։