28 Յունուարին, շուրջ 50 հաւատացեալներու ներկայութեամբ կիրակնօրեայ պատարագի պահուն, դիմակաւոր երկու անծանօթ զինեալներ խուժեցին Պոլսոյ իտալական կաթողիկէ Սանթա Մարիա եկեղեցին եւ կրակ բացին հաւատացեալներուն վրայ:
Յարձակումը խլեց զոհ մը։
Մինչ նախ կ՛ըսուէր, թէ կան նաեւ վիրաւորներ, աւելի ուշ Պոլսոյ նահանգապետը յայտարարեց, թէ արարքը մեծ հաւանականութեամբ զոհ գացած անձին դէմ ուղղուած էր եւ ուրիշ զոհեր կամ վիրաւորներ չկան, հակառակ անոր որ դէպքին պահուն մեծ խուճապ ստեղծուած էր։
Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա հաղորդեց, թէ նախաձեռնուած է լայնածաւալ հետաքննութեան՝ աւելցնելով, թէ խստօրէն կը դատապարտէ արարքը։
Էրտողան եւս ցաւակցութիւն յայտնեց զոհին ընտանեկան պարագաներուն։
Կիրակի երեկոյեան հաղորդուեցաւ, թէ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է երկու կասկածելիներ։
