
2024 տարին՝ նորոգ յոյսով եւ լաւատես ակնկալութեամբ դիմաւորելու մենկնակէտով, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը՝ Ուրբաթ, 12 Յունուարին, ի մի հաւաքեց շրջանի բոլոր մասնաճիւղերու եւ միաւորներու վարչական կազմերը, անդամները եւ անոնց կողակիցները, Փասատինայի «Ճիվելեկեան» սրահին մէջ: Ընտանեկան այս հաւաքին ներկայ եղաւ նաեւ շրջանէս Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան:
Ամանորեան խրախճանքին ներկայ էին առաւել քան 180 համազգայնականներ: Երեկոյին բացումը կատարեց Շրջանային վարչութեան անդամ Յովիկ Սէրայտարեան, տպաւորիչ ընթերցումով դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի «Աղօթք Ամանորի» բանաստեղծութեան (1996), որ երջանկայիշատակ Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեանի կողմէ վերածուած էր երգի: Ապա ընկերը նոր տարուան առիթով գեղեցիկ բարեմաղթութիւններով ողջունեց ներկաները եւ Համազգայինին մաղթեց վերընձիւղում, բարգաւաճում եւ իր սեփական կեդրոնը ունենալու տարիներու երազին իրականացում:
Պապիկեան իր կարգին ողջունեց ներկաները, եւ համառօտ կերպով ներկայացուց անցնող տարուան ընթացքին՝ Համազգայինի հիմնադրութեան 95ամեակին առիթով, Կեդրոնական վարչութեան գլխաւոր աշխատանքները եւ իրագործումները:



Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քնար Գորթոշեան իր խօսքին մէջ բարեմաղթանքներ փոխանցեց ներկայ թէ բացակայ համազգայնականներու եւ անդամներու, յուսալով, որ 2024ը ըլլայ բարեբեր բոլորիս համար եւ շարունակենք մեր լագաւոյնը տալ Համազգայինին, ապա նաեւ՝ համայն հայութեան ու յատկապէս արցախահայութեան մաղթեց, որ նոր տարին ըլլայ մեր իրաւունքներու վերատիրացման եւ Արցախ վերադարձի տարի ու 2023ը չմնայ «բաց վէրք» մեր պատմութեան մէջ: Ընկերուհին նշեց նաեւ, թէ Շրջանային վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր երեկոյի ընթացքին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի հիմնադրութեան 55ամեակին տօնակատարութիւններուն իբրեւ վերջաբան՝ գնահատել շրջաններու կամ մասնագիտական իր միաւորներուն մէջ տարիներու ընթացքին երախտաշատ ներդրում բերած եւ մեր մշակութային առաքելութիւնը արժանավայել կերպով յառաջ տարած վաստակաշատ համազգայնական ընկերներ:
Ապա, ատենապետուհին դիպուկ բնութագրումովներով ներկայացուց օրուան 10 գնահատեալները՝ հակիրճ տողերով նշելով իւրաքանչիւրի գործունէութեան դաշտը եւ շրջանը, ապա հրաւիրեց զանոնք բեմահարթակ ու անոնց յանձնեց գնահատանքի յուշատախտակները:
Իրենց անձնդիր եւ երկարամեայ ծառայութիւններուն համար գնահատանքի արժանացան՝ Մարօ Թիւթէլեան, Վահիկ Վարդապետեան, Արաքսի Գազանճեան, Փառքուհի Խաչիկեան, Սեդա Մարգարեան, Խաթուն Բագրատունի, Նայիրի Հարպոյեան, Կարօ Յակոբեան, Պարոյր Յակոբեան եւ Լիւսի Չուխաճեան: Բանաւոր պատճառներով, Կարօ Յակոբեան երեկոյին ներկայ չէր կրցած ըլլալ:


Երեկոն կը խանդավառէր DJ Մհերը: Յայտագիրին ընթացքին կատարուեցաւ «Սեղանի բախտաւորը» խաղը, եւ իւրաքանչիւր բախտաւոր ստացաւ գեղեցիկ նուէր մը:
Ներկարները խմբային պարերով, բարեմաղթանքներու փոխանցումով եւ իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներու՝ ամանորեան խրախճանքը միասնաբար կիսած ըլլալու գոհունակութեամբ շարունակեցին երեկոն մինչեւ ուշ ժամեր:
Ազգի մը գոյատեւման երաշխիքը իր մշակոյթի պահպանումն է: Գուրգուրանք Համազգայինի հիմնադիրներուն մեզի փոխանցած կտակին վրայ եւ միասնաբար պահպանենք եւ տարածենք՝ կեանքի եւ արեան գնով մեզի հասած հայ մշակոյթը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ